ՅՈՎՍԷՓ Ն. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Առաջին անգամը չէ որ կ՛անդրադառնամ այս հարցին:
Նմանօրինակ յօդուածով-հարցազրոյցով հանդէս եկած եմ, Երեւանի մէջ, տպուած մամուլին մէջ:
Հարցը կ՛առնչուի Վարդանանց պատերազմին եւ մեր՝ հայկական բանակին:
Հայ ազգը, թերեւս միակն է, որ իր պատմութեան յիշարժան եւ անկիւնադարձային մէկ դէպքը, Աւարայրի ճակատամարտը, 15 դարերէ ի վեր պահած ու պանծացուցած է իր յիշողութեան մէջ, ռազմական պարտութիւնը վերանուանելով բարոյական յաղթանակ եւ զայն վերածած է տօնի:
Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, ամէնուր, այս տօնին նուիրուած հանդիսութիւններ անպակաս են եւ մեր հայրենիքի մէջ եւս, տարուէ տարի կը ծաւալի գիտակցութիւնը այս գծով, սակայն այս ՕՐԸ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՕՆ ՉԷ, Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ, ազգային այս թուականը հասկնալիօրէն անտեսուած է, հիմա արդէն ժամանակն է վերականգնելու զայն եւ գիտակցելու անոր ազգային ու համամարդկային արժանիքը:
Վարդանանց տօնը իսկապէս մեծ է ոչ միայն հայ ազգին համար, այլեւ համամարդկային առումով արժանի է նշուելու, որովհետեւ այժմ «մօտայիկ» դարձած է մարդու իրաւունքներու յորջորջումը, իսկ մեր քաջարի հերոսները զայն արժեւորած են 15 դարեր առաջ, եւ գիտակցօրէն իրենցմէ շատ ավելի հզօր ուժի մը ՈՉ ըսելու արիութիւնը ունեցած են, եւ «Վասն կրօնի ու հայրենեաց», «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» հոգեխռով լօզունգները ստեղծած են՝ փաստելով աշխարհին, որ տկարը պէտք չէ ենթարկուի «հզօր»ի քմահաճոյքին եւ խիղճի ազատութիւնն ու կրօնի ընտրութիւնը անփոխարինելի ու սրբազան իրաւունքներն են իւրաքանչիւր անհատի եւ հաւաքականութեան:
Մեր պատմութեան անկիւնադարձային այս «պարտութիւնը» աւելի ուշ «յաղթանակ»ի վերածուած է, որովհետեւ հզօր ոսոխը, տեսնելով որ անհնար է յաղթել հայկական վճռականութեան եւ ռազմավարական-փարթիզանական մարտերուն (այս ալ համամարդկային նախընթաց), ուր հուժկու փիղերը հնարաւորութիւն չ՛ունէին լեռներու եւ ձորերու անակնկալ արշաւներու դիմադրութեան, տեղի տուած է եւ ընդունած է համակերպիլ հայկական դիրքորոշման, ստորագրելով Նուարսակի դաշինքը, 484 թուականին:
Քրիստոնէական կնիքն ու դիմագիծը փոխած են մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքը։ Քրիստոնէութեան սկիզբէն մինչ այդ թուականը, բոլոր Տիեզերական ժողովներուն մասնակցած մեր ազգը, ճիշդ այդ թուականին՝ 451ին, Քաղկեդոնի մէջ գումարուած ժողովին, պարզ է, որ չէր կրնար մասնակցիլ, եւ դիւանագիտական «լուծում»ի մը իբրեւ արդիւնք՝ այսպէս ծնած մեր ազգային եկեղեցին, պարզապէս ոչ թէ հակադրուելու համար Տիեզերական ժողովին, այլ մեզ «անկախ» պահելով ամէն տեսակի աստուածաբանական վերիվայրումներէ… եւ անոնց հետեւանքով՝ քաղաքական մեկնաբանութիւններէն։
Մեր ազգի յատկանշական «իմաստութիւն»ներէն բխող որոշ դարձուածքներ տեղ գտած են մեր ազգային նկարագիրին մէջ, օրինակ՝ «մէկ ծաղիկով ալ Գարուն կու գայ», յատուկ է միայն մեզի, միւս բոլոր լեզուներով, անշուշտ եւ բնականաբար, ճիշդ հակառակը կ՛ընդգծուի, նոյնպէս ֆիզիքական պարտութիւնն ու ղեկավարին մահը բարոյական յաղթանակ կոչելն ալ իւրայատուկ է մեզի…
Ամէն ազգ, օրէնքով կը սահմանէ տարեկան հոգեւոր եւ ազգային տօները, միւս կողմէ ալ, նկատի առած տնտեսական մտահոգութիւնները, չի կրնար շատցնել տօներուն թիւը՝ չկորսնցնելու համար տնտեսութեան անհրաժեշտ արտադրողականութիւնը: Ազգային բանակը արժանի է իր օրը ունենալու եւ այդ օրը նշանակուած է Յունուար 28ին, երբ ստորագրուած է համապատասխան պետական հրամանագիրը՝ Ազգային բանակ ստեղծելուն հետ կապուած, իսկ 28 Յունուարին առնչուող ոչ մէկ բարոյական եւ հոգեւոր արժէք կապուած է, պարզ թուական մըն է՝ արժեւորուած սոյն հրամանագրով: Շատ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար Բանակի օրը նշել Վարդանանց տօնին, այսպիսով մեր «զինուորագրեալ մանկունք» պիտի ունենային «Վասն կրօնի եւ հայրենեաց», «մահ իմացեալ անմահութիւն է» լօզունգներուն օրհնաբեր յատկանիշները, օրը արձակուրդ պիտի ըլլար եւ հայ քաղաքացին յաւուր պատշաճի պիտի անդրադառնար ե՛ւ Վարդանանց ե՛ւ մերօրեայ հերոսներուն:
Շատ ազգեր պատիւ պիտի զգային նման պատեհ առիթ մը ունենալու եւ իրենց բանակի օրը նշելու ազգային, պատմական օրուան մը առնչելով զայն:
Օրը օր, տօնը տօն, բայց հարստացնել այդ օրն ու տօնը մեր պարտքն է։ Այս գծով զրուցած եմ շարք մը մտաւորականներու եւ ազգային գործիչներու հետ. ոմանք ըսած են, որ Վարդանանց տօնը փոփոխական է, կ՛ընդունիմ եւ կ՛առարկեմ, որ քրիստոնէութեան մեծագոյն տօներն ալ՝ Սուրբ Յարութեան, Զատկուան տօները շարժուն են, յետոյ՝ ի՞նչ։
Աւարայր, Սարդարապատ, Շուշի՝ սրբազան աննուններ մեզի համար: 25ամեայ մեր բանակը իրաւունք ունի իր բարձրութեան արժանի տօնին, եւ անիկա Վարդանանց տօնն է, որովհետեւ մեր քաջարի զինուորները այսօր ալ «Վասն կրօնի եւ հայրենեաց», Մահ իմացեալ անմահութիւն է» հաւատամքով նուիրաբերող հերոսներ են:
Ձեր Տօնը շնորհաւոր՝ մեր սահմանները ձեր արեան գնով պաշտպանած եւ պաշտպանող մեր քաջ մարտիկներ: