ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը (ՄԻԵԱ) ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ Պուտափեշթի մէջ 2004ին կացինահարուած հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան վերաբերող դատավարութեան մէջ իբրեւ պաշտպանութեան կողմ նկատած է Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ կառավարութիւնները, ինչ որ արդէն դրական զարգացում կը նկատուի հայկական տեսանկիւնէն:
Այս մասին «Թերթ»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է Մարգարեանի ընտանիքը ներկայացնող փաստաբանուհի Նազելի Վարդանեան:
«Մենք պահանջեցինք Հունգարիոյ որոշումին անվաւեր հռչակումը եւ Սաֆարովի Հունգարիա վերադարձը: Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին նիւթական որեւէ պահանջ չենք ներկայացուցած: Կ՛ակնկալենք, որ այս տարի ՄԻԵԱը, ընդառաջելով մեր պահանջին՝ որոշում կայացնէ», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ կարելի չէ նախատեսել, թէ դատարանը ի՛նչ որոշում պիտի կայացնէ:
Նազելի Վարդանեան նաեւ յիշած է, որ 12 Յունուար 2016ին, ՄԻԵԱը այս հարցով երեքական հարցում ուղղած էր Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն, իսկ վերջիններս պատասխանած էին անոնց: