ՊՈԼԻՍ.- Ֆերիգիւղի Մերամէթճեան վարժարանի (Պոլիս) սաներէն Մասիս Քարա իրաւունք շահած է յառաջիկայ շրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնակցութիւն բերելու ՆԱՍԱի ծրագիրներէն մէկուն:
Մերամէթճեան վարժարանի 7րդ դասարանի աշակերտ Մասիս Քարա պիտի մասնակցի ՆԱՍԱի ենթակայ «Քենետի» անջրպետային կեդրոնի «ATX Աստղանաւորդութեան կրթական ծրագիր»ին:
Յիշեալ նախագիծին մասնակցելու համար Մասիս Քարա 31 Յունուար-7 Փետրուար պիտի այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: