ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- 25 Յունուարի նիստին Արցախի կառավարութիւնը հաստատած է 2017ի գործունէութեան ծրագիրը եւ գերակայ խնդիրները: Այս որոշումներով նախատեսուած է պաշտպանութեան բանակի սահմանագիծի դիրքերը սարքերով օժտման եւ հողային աշխատանքներու իրականացման յատկացնել յաւելեալ 1.5 միլիառ դրամ: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի կառավարութեան կայքը:
«Ռազմինֆօ»ի հետ զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Արցախի վարչապետին բանբերը՝ Արտակ Բեգլարեան, դիտել տալով, որ այս գումարը սահմանագիծը անհրաժեշտ սարքերով օժտելու նպատակով տրամադրուած միակ գումարը պիտի չըլլայ, որովհետեւ անոր պիտի յատկացուին նաեւ Ապրիլին Արցախի կառավարութեան բացած յատուկ դրամատնային հաշիւին մէջ հաւաքուող գումարներէն։
«Սակայն հաշուեհամարից ուղղուող գումարները եւս ամբողջը չեն, քանի որ շինարարական ընկերութիւններն առաջնագծում մեծ ծաւալի աշխատանք են կատարել: Արցախի կառավարութեան հաշուեհամարի վերաբերեալ հաշուետուութիւններում այդ թուերը ներառուած չեն, որովհետեւ ընկերութիւններն այդ աշխատանքները կատարել են կամաւոր սկզբունքով», դիտել տուած է ան։
Յիշեցնենք, որ 2016ի առաջին կէսին պաշտպանութեան բանակի սահմանագիծին վրայ կատարուած աշխատանքները Օգոստոսին ներկայացուած են Հայաստանի Ազգային ժողովի կարգ մը պատգամաւորներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն՝ Արցախ կատարուած այցելութեան ծիրին մէջ: Այցելութեան մասնակցած է նաեւ Razm.info կայքի համակարգող Կարէն Վրթանէսեան:
«Հորադիսից մինչեւ Թալիշ մի քանի դիրքեր ենք այցելել. յենակէտերում տեղադրւում են տեսահսկման համակարգեր (ներառեալ գիշերային մշտադիտարկման), դիրքապահների մօտ աւելացւում է գիշերային նշանոցների թիւը», ըսած է Վրթանէսեան: