ԵՐԵՒԱՆ.– Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտութեան հիմնարկը 29 Յունուարին կը կազմակերպէ համաժողով՝ «Հռչակաւորներու դիւանագիտութիւն. վերասահմանելով Հայաստանի դերը Սփիւռքի մէջ» խորագիրով, որուն կը մասնակցին Սփիւռքի եւ Հայաստանի ականաւոր դէմքեր: Համաժողովը «Սիվիլնե»չի կողմէ պիտի հեռարձակուի։
«Հռչակաւորներու դիւանագիտութիւն. վերասահմանելով Հայաստանի դերը Սփիւռքի մէջ» (Celebrity Diplomacy: Redefining Armenias Role in the Diaspora) խորագիրը կրող համաժողովի բանախօսներուն կարգին են հանրահռչակ ռոք երաժիշտ եւ հանրային գործիչ Սերժ Թանքեան, բեմադրիչներ Աթոմ Էկոյեան եւ Էրիկ Նազարեան, դերասաններ Արսինէ Խանճեան եւ Վահէ Պէրպէրեան: Հայաստանէն քննարկման պիտի մասնակցին քաղաքագէտ Իրինա Ղափլանեան եւ իրաւապաշտպան Վահէ Գրիգորեան:
Կ՛ակնկալուի, որ քննարկման առանցքը հանդիսանան Հայաստանի մէջ Ապրիլին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները: Թանքեան, Էկոյեան, Խանճեանը եւ այլ երեւելիներ change.org կայքին վրայ նախաձեռնած էին «Արդարութիւն Հայաստանում» արշաւին՝ նպատակ ունենալով Ապրիլին Հայաստան երթալ որպէս դիտորդ եւ խրախուսել կարելի եղածին չափ մեծ թիւով դիտորդներու ներկայութիւնը ընտրութիւններուն ընթացքին։
«Ափրիկէի մէջ ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան, սակայն բռնապետները կը շարունակեն իշխել: Լատինական Ամերիկայի մէջ քուէարկութեամբ կը հեռացնեն բռնապետը: Գանատայի մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը անդամագրուած է մէկ կուսակցութեան, սակայն մէկ այլ կուսակցութիւն կը յաղթէ ընտրութիւններուն: Վրաստանում ընտրութիւնները կ՛ընթանան գրեթէ բնականոն ու ձանձրացուցիչ են:
Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները ո՛չ բնականոն են, ո՛չ ալ ձանձրացուցիչ: Ոչ ալ, ըստ հասարակական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ դիտորդներու զեկոյցներու, կ՛արտացոլացնեն ժողովուրդին իրական կամքը: Ինչպէ՞ս հասկնալ ընտրութիւններու քաղաքականութիւնը աշխարհին մէջ: Ինչպէ՞ս աջակցիլ Հայաստանի մէջ քաղաքական եւ քաղաքացիական դերակատարներուն՝ թափանցիկ եւ արդար ընտրութիւններու կայացման մէջ», նշուած է համաժողովի յայտարարութեան մէջ։
Քաղաքագէտներ եւ փորձագէտներ Ռոպերթ Ինկլիշ (Ռուսիա եւ Արեւելեան Եւրոպա), Պրետ Քարթըր (Ափրիկէ), Մարք Քուփեր (Լատինական Ամերիկա), Հիշամ Ապտէլ Ռահման (Գանատա) եւ Մարք Միւլեն (Վրաստան) պիտի քննարկեն Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ արդիւնաւէտ եւ անարդիւնաւէտ կառավարումն ու ընտրական գործընթացները: