ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Մոսկուա կատարած իր այցելութեան ժամանակ, հանդիպած էր ռուսահայ գործարարներու հետ եւ առաջարկած, որ անոնք իրենց ներդրումներով մասնակից ըլլան Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման ճիգերուն:
Նկատի առնելով Ռուսիոյ պետական բարձրագոյն ղեկավարութեան զօրակցութիւնը Կարապետեանին՝ ռուսահայ գործարարները կրնան աւելի՛ լրջութեամբ ընդունիլ Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելու անոր հրաւէրը:
Բացի ռուսական իշխանական շրջանակի անուղղակի կամ ուղղակի խրախուսանքին վրայ յենուելէն, Կարապետեան կ՛ուզէ Մոսկուայի հայ գործարարներուն հայրենասիրական զգացումներն ալ շարժել՝ «Հայերի համար ամենալաւ երկիրը Հայաստա՛նն է լինելու» ցանկութիւնը կիսելով անոնց հետ:
Հայերու, բոլո՛ր հայերուն համար Հայաստանը լաւագոյն երկիր դարձնելու ցանկութիւնը պէտք է վերածուի գաղափարախօսութեան, պէտք է դառնայ տենդ ու եռանդ ստեղծող ծրագիր, պէտք է դառնայ համահայկական ներուժը ճիշդ հունաւորելու բանաձեւ:
Ամէնէն կարեւորը՝ պէտք է դառնայ ներշնչման աղբիւր իւրաքանչիւր հայու, մեծ թէ փոքր դրամատէրէն մինչեւ իսկ ամէնէն չքաւորը, ազգային վերականգնումի գործընթացին մասնակցելու համար:
Այս ցանկութիւնը պէտք է այնպիսի ուժ ու թափ կուտակէ, որ կարենայ բոլորիս մէջէն արմատախիլ ընել տարիներու դառն փորձառութիւններուն պատճառով մեր մէջ նստած թերահաւատութիւնը, յուսահատութիւնը, անզօրութիւնը:
Գահավէժ անկումներու ու ամբողջական բարոյալքումի հոգեվիճակէն դուրս գալը՝ կենաց-մահու խնդիր է այլեւս, ու այդ վիճակէն ձերբազատուելու ուղղութեամբ աշխատանքները պարտին ըլլալ համակարգուած, բազմակողմանի, երկարաշունչ, իսկ անոնց շարունակականութիւնը պէտք է երաշխաւորուի պետական համակարգին մէջ առկայ բոլոր յոռի, աղտոտ երեւոյթներու վերացումով: Աշխատինք այնպէ՛ս, որ ունենանք բոլորիս համար ամէնէն լաւ երկիր՝ Հայաստանը: