ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունուար 23ին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը 10ի դէմ 11 քուէներով վաւերացուց ExxonMobil քարիւղի հսկայ ընկերութեան նոր հրաժարած ղեկավար Ռեքս Թիլըրսընի թեկնածութիւնը՝ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին համար:
Քննարկումին ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ Նիւ Ճըրզիէն ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի մէկ հարցումին ի պատասխան, Թիլըրսըն ըսաւ. «1915ի ողբերգական չարագործութիւնները Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ցաւոտ խնդիրը կը մնան, եւ երկու երկիրներուն միջեւ կայուն յարաբերութիւններ կարգաւորելը Ամերիկայի շահերէն կը բխի: Նշանակուելու պարագային, լիարժէք կերպով պիտի ուսումնասիրեմ պատմական իրադարձութիւնները եւ պիտի սկսիմ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան, յանուն տարածաշրջանային կայունութեան»:
Էքսոնռմոպիլի տնոէրէն եղած ժամանակ չէ՞ ուսումնասիրած հայկական ցեղասպանութիւնը, երբ Ատրպէյճանի մէջ գործողութիւններ եւ շահեր ունէր: Հոտած ձուկի հոտ կուգայ այդ խոստումէն: