ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Amazon համաշխարհային հսկային ստեղծած AmazonSmile գործիքը կարելիութիւն տուած է ամէն անգամ, երբ ընկերութեան առցանց խանութէն գնում կատարուի, գնուած ապրանքի գումարին 0.5 տոկոսը փոխանցել որեւէ բարեսիրական կազմակերպութեան: Համակարգին մէջ արձանագրուածներուն մէջ կան շուրջ 120 հայկական կազմակերպութիւն՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, հետեւաբար, AmazonSmile-ի հաշիւին մէջ ընտրելով անոնցմէ որեւէ մէկը, օգտատէրը կրնայ անձամբ բարեսիրութիւն կատարել եւ աջակցիլ հայրենիքին:
Փաստօրէն, AmazonSmile-ը աւելորդ ծախս չի պատճառեր գնում կատարողին: Այդ հարթակին վրայ անիկա կ՛օգտուի նաեւ ապրանքներու նոյն տեսակէն եւ զեղչերէն, սակայն այս պարագային Amazon-ը գնուած ապրանքի գումարին 0.5 տոկոսը կը փոխանցէ օգտատիրոջ ընտրած բարեգործական կազմակերպութեան:
Հայկական կազմակերպութիւններէն ներկայացուած են «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը, «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւնը, Հայաստան համահայկական հիմնարկը եւ այլն: Ընդհանուր առմամբ, ամբողջ աշխարհէն համակարգին մէջ արձանագրուած է շուրջ 1 միլիոն կազմակերպութիւն:
Հարթակին մէջ արձանագրուելու համար պէտք է ընդամէնը մուտք գործել smile.amazon.com կայք՝ համակարգիչով կամ բջիջայինով, Amazon-ի անձնական հաշիւով, որմէ ետք օգտատէրը կրնայ փնտռել ու գտնել այն բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որուն ան կ՛ուզէ աջակցիլ: Հարթակը նաեւ կարելիութիւն կու տայ փոխելու բարեսիրական կազմակերպութիւնը: