ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամէն մարդ, տարբեր պատճառներով, նկատառումներով եւ հաշիւներով, այս կամ այն պահուն պարտաւորուած կ՛ըլլայ իր սկզբունքներէն, իր գաղափարներէն զիջում կատարելու:
Առաջին հակադարձութիւնը՝ այսպիսի հաստատումի մը, անշուշտ, սկզբունքային մարդոց առարկութիւնը պիտի ըլլայ: Ո՛չ, ամէն մարդ այդպէս չէ. կան շատեր, որոնք ամուր կը մնան իրենց սկզբունքներուն ու համոզումներուն մէջ, եւ որքա՛ն ալ տուժեն, որքա՛ն ալ ծանր հետեւանքներ սպասէ իրենց, կը մերժեն տեղի տալ: Այո՛, կան նման մարդիկ, որոնք մեր հերոսներն են, օրինակելի կերպարներն են, որոնց ներշնչման այնքա՜ն կարիք ունինք:
Սակայն, մենք՝ հասարակ մահկանացուներս, միշտ կ՛իյնանք սակարկութիւններու ծուղակը, «այս զիջումը սկզբունքային չէ, փոքր զիջում է, անմեղ զիջում է, իմ հիմնական գաղափարներէս հրաժարում չէ» ըսելով՝ կը համակերպինք, կը համաձայնինք, կ՛ընդառաջենք եւ… քիչ-քիչ, կաթիլ առ կաթիլ կը պարպուինք մեր ինքնութենէն, մեր էութենէն:
Անձնական կեանքի մէջ նման զիջումներ կատարելով՝ կրնանք վարժութիւն դարձնել նաեւ հաւաքական կեանքի մէջ նոյն «անմեղ», «փոքր» զիջումներով աշխատիլը, գործունէութիւն ծրագրելը: Այստեղ աւելի՛ եւս արդարացուած կը նկատենք զիջումը: Ի վերջոյ, ընդհանուրի օգտին համար պէտք է պատրաստ ըլլանք զոհողութիւններու, առաջին կարգին՝ զոհելով քիչ մը սկզբունք, քիչ մը գաղափար… Վտանգը, այս պարագային, հաւաքականի գոյութեան հարցը խնդրական դարձնելու չափ զիջումի հասնիլն է: Հաւաքող գաղափարը, սկզբունքը զիջելու պարագային, այնպիսի՛ այլասերման կրնանք ենթարկուիլ, այնպէ՛ս կը յօշոտուի մեր էութիւնը, որ անճանաչելի կը դառնանք, եւ մեր հաւաքելու ուժն ու կարողութիւնը կը չքանան:
Փրկութիւնը գիտակցելուն մէջ է, թէ անմեղ ու փոքր զիջումն իսկ կործանման տանող սկիզբ է։
Շա՜տ, շաս սխալ է զիջումներու մասին խօսիլ: Նախ հակաօակորդը թող խօսի, տեսնենք ի՞նչ առաջարկ ունի: Գաղափարականութենէ մերկացած քաղաքագէտներ միայն պարտուողական ընթացք կը յայտնաբերեն իրենց սխալ կարծիքով անձնական յաջողութիւն մը կործելու մտադրութեամբ: Արցախ զօրաւոր է. սփիւռքը զօրաւոր է: Զիջումի մասին խօսողներ վախկոտներն են, միայն: