ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 21ին, մէկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի եւ պիտի խորհրդակցի իր պաշտօնակից Սերժ Սարգսեանի հետ՝ համագործակցութեան ամրապնդման եւ դրացի ու տարածաշրջանի պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու խորացման գծով. այս մասին հաղորդեց Իրանի «Իռնա» պետական լրատու գործակալութիւնը։
Կ՛ակնկալուի նաեւ համագործակցութեան ընդլայնման միտող շարք մը յուշագիրներու ստորագրութիւն:
Հայաստան իր այցէն ետք, Իրանի նախագահը պիտի մեկնի Ղազախստան։