ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը կ՛աջակցի Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք ծանր կացութեան եւ անապահովութեան մէջ գտնուող ու հայրենադարձ հաշմանդամ հայ երեխաներուն: Վերջիններս Հայաստան գալէ առաջ կը գտնուէին Հալէպի «Արեւիկ» կեդրոնի հոգածութեան տակ: Հայաստանի մէջ զանոնք համախմբած է «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն նախաձեռնութեամբ, «Արեւիկ»ի 13ամեայ յաջող փորձառութենէն մեկնելով՝ երկու տարի առաջ բացումը կատարուեցաւ «Արեւիկ-Հայաստան»ին:
Նուիրուած խումբին եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ, «ՀԱԼԷՊ»ը կարճ ժամանակի ընթացքին հասաւ յաջողութեան. «Արեւիկ-Հայաստան»ը հոգեբանական անվճար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ֆիզիքական եւ մտային խնդիրներ ունեցող սուրիահայերուն: Կեդրոնին մէջ կը կազմակերպուին ուսուցողական դասընթացքներ, ուսողութեան, նկարչութեան, երաժշտութեան, ֆիզիքական պատրաստուածութեան դասեր: Յատուկ ուշադրութիւն կ՛ընծայուի խօսելու կարողութեան զարգացման, ձեռագործ աշխատանքներու ուսուցման:
«Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի մասնագիտական խումբը կը յաջողի թեթեւցնել խնդիրներ ունեցող սուրիահայերուն առօրեան եւ զանոնք առաւելագոյն չափով ներգրաւել հասարակական կեանքին մէջ։