«Քիւլթիւր.ամ».- Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսաւ Զապէլ Եսայեանի «Հոգիս Աքսորեալ» գիրքը՝ թրքերէնով: Ըստ «Էրմենիհապեր»ի՝ գիրքը թարգմանած է Մեհմեդ Ֆաթիհ Ուսլու: Անիկա հրատարակուած է «Արաքս» հրատարակչութեան կողմէ:
Օսմանեան կայսրութեան անկման ժամանակաշրջանին վերաբերող սոյն գիրքը առաջին անգամ հրատարակուածէ Վիեննայի մէջ, 1922ին:
«1878 Փետրուարի 5ին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը ծնած, Սորպոնի մէջ կրթութիւն ստացած Զապէլ Եսայեան (Զապէլ Յովհաննէսեան) օրէ օր առաւել ճանաչում կը գտնէ Թուրքիոյ մէջ: Պատճառը ոչ միայն այն է, որ ան մէկն էր Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբը համարուող 1915ի Ապրիլի 24ին ձերբակալուած հայ մտաւորականներէն: Մեծ դեր կը խաղայ նաեւ այն բանը, որ ձերբակալուողներու ցուցակին վրայ տեղ գտած միակ կնոջ՝ Զապէլ Եսայեանի գիրքերը կը թարգմանուին եւ կը հրատարակուին թրքերէնով», կը գրէ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ը: