ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի բնիկ հնդիկներու Սու ցեղախումբի բնակավայրի տարածքին գտնուող լիճին տակէն անցնող, լիճի մաքուր ջուրն ու միջավայրը աղտոտող ու նախնիներու աճիւններով սրբացած շրջանը պղծող քարիւղի խողովակաշարին դէմ բողոքին կը միանանք նաեւ մե՛նք եւ կ՛ողջունենք խումբ մը հայ արուեստագէտներու ու հասարակական գործիչներու նախաձեռնութիւնը՝ յայտարարութեամբ մը զօրավիգ կանգնելու «Սթենտինկ Ռաք»ի ցուցարարներուն (Տես լրատուութիւնը):
Ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդի զաւակ ըլլալը միայն մէ՛կ հիմնաւորում է, որ մեզ եւս կը մղէ մեր բողոքի ձայնը միացնելու՝ իրենց կեանքի պայմանները հիմնովին խախտող կարգադրութեան, անիրաւութեան ու անարդարութեան ենթարկուած Սու ազգի զաւակներու ընդվզումին:
Կը բողոքենք նաեւ՝ ի խնդիր մեծ ընկերութիւններու շահերուն՝ հաւաքականութեան մը իրաւունքներուն վրայ բռնանալու պետական-վարչական վարքագիծին դէմ, որ այս հսկայական ծրագիրին իր համաձայնութիւնը տալէ առաջ, զլացած է օրէնքով իսկ պայմանաւորուած խորհրդակցութիւնը կատարել Սու ժողովուրդին հետ:
Այս առթիւ, կ՛ուզենք ողջունել նաեւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու, մտաւորականներու եւ հասարակական գործիչներու որոշ շրջանակի մը աշխուժացումը՝ ազգային խնդիրներ հետապնդելու ուղղութեամբ:
Հայկական այս նոր ձայնը, որ ունի հանրային կարծիք ձեւաւորելու, բարոյական չափանիշներ հաստատելու մեծ կարողականութիւն, կը դիմագրաւէ պարբերական պոռթկումներէն անդին անցնելու եւ, ինչու չէ՝ ուղղակի շարժումի մը վերածուելու մարտահրաւէրը: Հասկնալի՛ է, որ նման շարժում մը պիտի պահանջէ յաւելեալ յանձնառութիւն, յաւելեալ զոհողութիւն ու նպատակային աշխատանք:
Պատրա՞ստ են մեր այս գործիչները նման պատասխանատուութիւն մը վերցնելու եւ առաջին հերթին՝ ընդարձակելու իրենց շրջանակը: Կը յուսանք՝ այո՛: