ՓԱՐԻԶ, «Յառաջ».- Ընդառաջելով Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի դիմումին՝ երկրի Դատական հետապնդումներու ծառայութիւնը որոշած է հարցաքննել Լա Հէյի բնակիչ թուրք մը, հայոց նկատմամբ ատելութիւն սերմանելու մեղադրանքով: Ան կ՛ամբաստանուի արտայայտութեան ազատութեան սահմանները զանցած ըլլալու յանցանքով: Ենթական, Ալմելոյի եկեղեցւոյ բակին մէջ հայկական յուշակոթողի մը բացման արարողութեան ընթացքին, բացագանչած էր. «Ղարաբաղը հայոց գերեզման պիտի դառնայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.