«Արեւելք»ին իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին, «Այնճարի հայութեան դէմ սպառնալիքներ չկան»՝ ըսաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան:
Քաղաքապետը, լուսաբանելով Մաժտալ Այնճար գիւղին մէջ Էրտողանին առ ի զօրակցութիւն եղած հաւաքը՝ յայտնեց. «Ասկէ տասը օր առաջ, Մաժտալ Այնճարի մէջ Էրտողանին ի զօրակցութիւն եղած հաւաքի մասնակիցներուն շարասիւնը փորձեց Այնճար մուտք գործել, ու մենք, առանց յաւելեալ լարուածութիւն ստեղծելու, յաջողեցանք արգելք հանդիսանալ եւ հեռացնել զանոնք գիւղի մուտքէն»: Ապա խօսելով շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր ապահովութեան մթնոլորտին մասին՝ անցեալ Մայիսին քաղաքապետի պաշտօնին կոչուած Խօշեան ըսաւ. «Նախ ըսեմ, որ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու, ինչպէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, ընդհանուր ապահովական իրավիճակը խոցելի է: Իսկ ինչ կը վերաբերի Այնճարին, ապա պէտք է ըսել, որ տեղի հայութեան դէմ յատուկ սպառնալիքներ գոյութիւն չունին, բայց եւ այնպէս, շրջանին մէջ տիրող հակաքրիստոնէական ընդհանուր մթնոլորտը բնականաբար իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Այնճարի եւ անոր խաղաղ բնակչութեան վրայ»:
Խօշեան նաեւ դիտել տուաւ, որ պատկան մարմինները անհրաժեշտ բոլոր քայլերը առած են՝ պահպանելու համար գիւղի անվտանգութիւնը, եւ այս առումով ըսաւ. «Վերջին շրջանին թելադրուած այս հանգրուանի պահանջներէն, յաջողեցանք մեր կապերը եւ յարաբերութիւնները զարգացնել դրացի բոլոր գիւղերուն հետ, որովհետեւ զգալի է նաեւ, որ նոյնպէս մեզ շրջապատող գիւղերուն մէջ եւս ծայրայեղական խմբաւորումներու կողմէ թիրախ դառնալու մտահոգութիւններ կան, եւ այդ մէկը պատճառ դարձաւ առկայ համագործակցութիւնը աւելիով զարգացնելու»:
Դաշնակցական քաղաքապետը ըսաւ, որ յառաջիկայ 18 Սեպտեմբերին Այնճարի մէջ պիտի կատարուի Մուսա լերան հերոսամարտի տօնախմբութիւնը եւ այդ առումով ապահովական յատուկ կարգադրութիւններ գործի դր-ուած են։ Ան յայտնեց. «Գիտէք, որ Մուսա լերան հերոսամարտի ոգեկոչման առթիւ, Լիբանանի տարբեր շրջաններէն մեծ թիւով հայորդիներ Այնճար պիտի հասնին ու այդ առումով է նաեւ, որ մենք ապահովական յատուկ կարգադրութիւններ տեսած ենք ու նոյնպէս կապ հաստատած շրջանին մէջ եղող լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, անվտանգութեան մակարդակի բարձրացումը ապահովելու համար»:
Ապա, խօսելով գիւղի տնտեսական իրավիճակին մասին՝ քաղաքապետը ըսաւ, թէ գիւղը այս տարի ունեցած է փայլուն բերք, բայց եւ այնպէս Սուրիոյ պատերազմին պատճառով միջազգային ճանապարհներուն փակ ըլլալը մեծապէս վնասած է, եւ Այնճարի բերքը դէպի արաբական ծոցի երկիրներ արտահանելու աշխատանքները տուժած են»:
Յիշեցնենք, որ Լիբանան գտ-նուող եւ միակ հայկական գիւղը համարուող Այնճար աւանը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս յառաջիկայ 18 Սեպտեմբերին պիտի նշէ Մուսա լերան հերոսամարտի 101րդ տարեդարձը: