Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 Յուլիսին ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը, Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանը եւ երկու կառոյցներու այլ ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2019ին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու կազմակերպման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Համահայկական խաղերուն իրականացումը Արցախի մէջ մարզամշակութային կեանքի զարգացման եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն՝ ընդգծելով, որ ամէն ինչ պիտի ընեն խաղերը բարձրագոյն մակարդակով կազմակերպելու գծով։
Հանդիպման ներկայ եղած են Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: