Պոլսոյ պատրիարքարանի գլխաւոր մուտքին դիմաց այսօր բողոքի հաւաք պիտի իրականանայ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը:
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ բողոքի հաւաքը կազմակերպուած է «Միտք» խմբաւորման կողմէ: Թերթը, որ խօսած է նախաձեռնութեան կազմակերպիչներէն իրաւաբան Թադէոս Պէպէքի հետ, նաեւ նշած է, թէ երթին մասնակիցները նախ մոմավառութիւն պիտի կատարեն Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ եկեղեցւոյ առջեւ, ապա, որպէս բողոքի նշան, սեւ ծաղկեպսակ մը պիտի զետեղեն պատրիարքարանի գլխաւոր մուտքին դիմաց: Թադէոս Պէպէք նաեւ ըսած է, որ իրենց նպատակն է համայնքի ուշադրութիւնը գրաւել եւ ցոյց տալ դժգոհութիւն՝ Արամ սրբազանի որդեգրած կեցուածքներուն եւ Էրտողանին ուղղուած նամակին դէմ:
Սփիւռքը զօրակցութիւն ցոյց տալու է: Կառավարութիւնը կրնայ զանոնք ձերբակալել, մենք ի՞նչ պիտի ընենք: Կազմակերպելու ենք մեր զօրակցութեան ձեւը:
Պոլսահայ ցուցարարներ, հպարտանում ենք Ձեզնով, Դուք իսկական հերոսներ եք….