ԵՐԵՒԱՆ, «Հրապարակ».– Լրագրող Սիւզան Սիմոնեան կը գրէ, որ Հայաստանի քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ 20 Մայիս 2016ին, Երեւան քաղաքի Ծիծեռնակաբերդի խճուղիին սկիզբը տեղի ունեցած երթեւեկի արկածի վայր ժամանած ոստիկանութեան ծառայողները ինքնաշարժներէն մէկուն մէջ գտած են ԱԿ-74 տեսակի երկու ինքնաձիգ՝ 120 փամփուշտներով։
Յիշեալ ինքնաշարժին վարորդն ու ուղեւորը ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք պահելու եւ փոխադրելու կասկածով բերման ենթարկուած են ոստիկանութեան կողմէ: Դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։
Հայաստանի քննչական կոմիտէի Յատուկ քննչական ծառայութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ կատարուած հետաքննութիւններէն ի յայտ եկած է վարորդին եւ ուղեւորին ինքնութիւնը, նաեւ՝ ինքնաձիգներուն շրջանառութեան հանգամանքները:
Պարզուած է, որ Ժիրայր Սեֆիլեան խումբ մը անձերու հետ ծրագրած էր զինուած խմբաւորումներու միջոցով, զէնքի գործադրմամբ, զաւթել շէնքեր, շինութիւններ, հաղորդակցութեան եւ կապի միջոցներ, որոնց կարգին՝ Երեւանի հեռուստաաշտարակը։ Այդ նպատակով եւ մինչ այդ վերջինս կազմակերպած է խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելը, փոխադրելը եւ տարբեր վայրերու մէջ զանոնք ապօրինի կերպով պահելը: Ընդ որում, խումբի անդամները ծրագրած են որոշ յանցաւոր գործողութիւններ կատարել ապրիլեան պատերազմին յաջորդած ժամանակաշրջանին:
20 Մայիսին տեղի ունեցած արկածին ընթացքին յայտնաբերուած են Ժիրայր Սեֆիլեանի յառաջացուցած խումբին կողմէ ապօրինի կերպով շրջանառուող երկու միաւոր զէնքն ու ռազմամթերքը:
Քրէական գործի նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու հիման վրայ, խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու, փոխադրելու եւ պահելու համար ութ անձի առաջադրուած է մեղադրանք, անոնցմէ վեցը կալանաւորուած է, մէկուն նկատմամբ կը կատարուի հետախուզութիւն:
Առաջադրուած մեղադրանքները հիմնաւորուած են ինչպէս գործով ձեռք բերուած բազմաթիւ ապացոյցներով, այնպէս ալ՝ խումբի անդամներու խոստովանական ցուցմունքներով:
20 Յունիս 2016ին Ժիրայր Սեֆիլեան ձերբակալուած է խումբ մը անձերու կողմէ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելը, փոխադրելը եւ պահելը կազմակերպելու կասկածով։ Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։
Ժիրայր Սեֆիլեանի շահերը պիտի պաշտպանեն երեք փաստաբաններ՝ Տիգրան Եգորեան, Արա Զաքարեան եւ Տիգրան Հայրապետեան: Ժամը 18։00ի դրութեամբ Տիգրան Եգորեան «Հրապարակ»ի թղթակիցին յայտնած է, որ Ժիրայր Սեֆիլեան կը գտնուի քննչական կոմիտէին մօտ, սակայն յայտնի չէ, թէ ինչ քննչական գործողութիւններ կը կատարուին: «Անտեղ է գնացել փաստաբան Տիգրան Հայրապետեանը, բայց նրան թոյլ չեն տուել բարձրանալ վերեւ եւ տեսնել պաշտպանեալին: Մինչդեռ նա ունի պաշտպանեալի հետ կոնֆիդենցիալ տեսակցութեան իրաւունք, որը խախտուել է», ըսած է Տիգրան Եգորեան: Փաստաբանները երկու անգամ ահազանգած են Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին: Առաջինը՝ երբ քննիչները վայրագ ձեւով կոտրած են Սեֆիլեանի բնակարանին դուռը եւ մերժած են փաստաբանին թոյլ տալ ներկայ գտնուիլ խուզարկութեան, երկրորդ, երբ չէ յարգուած Սեֆիլեանի հետ խորհրդապահական տեսակցութեան իրաւունքը: Սակայն մարդու իրաւունքի պաշտպան Թաթոյեանին գրասենեակը չէ օգնած, ըստ փաստաբաններուն։
Աւելի ուշ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի բանբերը Զոհրապ Եգանեանին յայտնած է, որ իրենք կը հետեւին իրադարձութիւններուն, արձանագրուած են ահանզանգեր թէժ գիծին վրայ, եւ անոնց հիման վրայ կատարուած են համապատասխան գործողութիւններ: «Տեղեկացնեմ նաեւ, որ կախուած դէպքերի ընթացքից, մեր իրաւասութեան շրջանակներում կը ձեռնարկենք օրէնսդրութեամբ նախատեսուած հնարաւոր քայլեր», յայտնած է Զոհրապ Եգանեան։
Watch this video and compare with your report above.
https://www.youtube.com/watch?v=4zoPmHZnR-8&feature=em-uploademail Ձերբակալվել է Ժիրայր Սեֆիլյանը