ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Եւրոխորհրդարանին մօտ Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւնը վերադարձուցած է Թուրքիոյ մասին Եւրոխորհրդարանի տարեկան զեկոյցը, որովհետեւ անոր մէջ Անգարային կոչ կ՛ըլլայ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթին կայքը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ Ապրիլին Եւրոխորհրդարանին կողմէ վաւերացուած սոյն զեկոյցին վերջնական օրինակը Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւն հասաւ Յունիս 17ին: Նոյն օրը, առանց զեկոյցին հետ կապուած որեւէ գործընթաց իրականացնելու, Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւնը զայն վերադարձուց։
Օրին, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Վոլքան Պոզքըր սպառնացած էր, որ եթէ այս տարի եւս Թուրքիոյ մասին տարեկան զեկոյցին մէջ անդրադարձ ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ապա Թուրքիա պիտի անտեսէ զայն:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի եւս Թուրքիա վերադարձուցած էր Եւրոխորհրդարանին տարեկան զեկոյցը՝ նոյն պատճառաբանութեամբ: