ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով 7-9 Յունիսին Հայաստան պիտի այցելէ Չե-խիոյ նախագահ Միլոշ Զեման:
Այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են Չեխիոյ նախագահին հանդիպումները Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:
Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ հայ-չեխական բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին նախատեսուած է փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն: Նախագահները պիտի տան նաեւ մամլոյ միացեալ ասուլիս։
Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ Չեխիոյ նախագահները ներկայ պիտի ըլլան Հայ-չեխական գործարար համաժողովի բացման արարողութեան: