Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Իրաւունք ունինք ուրախանալու, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը ի վերջոյ պաշտօնապէս հաստատեց, թէ Օսմանեան Թուրքիան հայերը ցեղասպանութեան ենթարկած է, եւ այդ օրերու կայսերական Գերմանիան մեղսակցութեան բաժին ունի իր կրաւորականութեան պատճառով։
Իրաւունք ունինք նաեւ հպարտանալու, որ մեր քաղաքական ու դիւանագիտական ճիգերը նման արդիւնքի հասան Ցեղասպանութեան 100ամեակէն տարի մը ետք, իբրեւ բնական լրում՝ դաշնակցային Գերմանիոյ նախագահին պատմական յայտարարութեան։
Պունտեսթակի որոշումը ստեղծեց մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու բնական ալիքներ. ոմանք տարօրինակ գտան, որ Թուրքիան ողոքող եւ միլիառաւոր եուրոյի օժանդակութիւններ քուէարկող Մերքելի Գերմանիան նժարի մէջ կը դնէ Թուրքիոյ հետ իր դարաւոր բարեկամութիւնը, կը յանդգնի անտեսել ուրացողին ոտնձգութեան փորձերը։ Թուրքիա, ըստ իր սովորութեան, հակազդեց՝ տուն կանչելով Պերլինի իր դեսպանը եւ սպառնալիքներ տեղացնելով Գերմանիոյ ու եւրոպացի բոլոր այն դաշնակիցներուն դէմ, որոնք կը յարին արդարութեան եւ յստակ պատգամ կ՛ուղղեն իրեն, որպէսզի ա՛լ անդրադառնայ, որ անկիւնը դրուած է, փախուստի ճամբաները չափազանց նեղցած են, ու պարտաւոր է ընդունիլ պատմական ոճիրը, դիմագրաւել հատուցման փուլը։ (Ի դէպ, Թուրքիոյ ինքնախայտառակումի նման փորձեր աննախընթաց չեն, աւելին՝ աւանդութիւն դարձած են տասնամեակներէ ի վեր…)։
Ցեղասպանութեան ճանաչում տուած այլ երկիրներու բաղդատմամբ, Գերմանիոյ քայլը տարբեր բնոյթ ու տարողութիւն ունի. Գերմանիա մէկն է ցեղասպանական արարք գործած երկիրներէն. անոր Հիթլերն էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մոռացումը պատրուակ ծառայեցնելով՝ գործադրեց Հոլոքոսթը։ Նոյն Գերմանիան է, որ տասնամեակներ առաջ ընդունեց հրեաներու, լեհերու, գնչուներու եւ այլ ժողովուրդներու դէմ իր նախկին իշխանաւորներուն ոճիրը եւ համապատասխան հատուցում կատարեց տուժողներուն։
Եւ ահա, Պերլին կ՛առնէ նմանօրինակ քայլ մը. հայութեան դէմ գործուած պատմական ոճիրը պաշտօնապէս ընդունելով, կը խոստովանի նաե՛ւ իր լռութենէն բխած մեղսակցութիւնը, յստակ պատգամ մը տալով Ա. Աշխարահամարտի ու այսօրուան իր դաշնակիցին, որ այլ ընտրանք չունի, պէտք է խոստովանի իր յանցնաքը, ընդունի ճշմարտութիւնը, որ կ՛ենթադրէ նաեւ արդար հատուցում։
***
Գերմանիոյ եւ արդարութեան կողմ քուէարկողներուն քայլերը անհրաժեշտ են, սակայն բաւարար չեն։
Չի բաւեր ընդունիլ, որ 100 տարի առաջ ահաւոր ոճիր մը ծրագրուած ու գործադրուած է Թուրքիոյ պետական վարիչներուն կողմէ, այլ անհրաժեշտ է տեսնել ու նոյնիմաստ կեցուածք որդեգրել նաեւ այսօրուա՛ն Թուրքիոյ վարիչներուն հանդէպ, տեղի չտալ Էրտողաններու եւ մեղսակիցներու սպառնալիքներուն ու շանթաժներուն առջեւ։
Կա՞յ մէկը, որ չի գիտեր, թէ Թուրքիա այսօ՛ր ալ լծուած է ցեղասպանական տարողութեամբ ոճիրներու։ Կը բաւէ վերաքաղը ընել Իրաքի եւ Սուրիոյ, նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ Անգարայի վարիչներուն վերջին քանի մը տարիներու ոճրածին քայլերուն (կարելի է երթալ նաեւ տասնամեակներ ետ), տեսնելու համար, որ եզիտիներ, քիւրտեր, արաբներ, հայեր եւ այլ փոքրամասնութիւններ, անգա՛մ թուրքեր ինչպիսի՜ նահատակութիւններու կ՛ենթարկուին թրքական ոտնձգութեանց հետեւանքով։ Կա՞յ մէկը, որ չի տեսներ, թէ Թուրքիա գլխաւոր զինողն ու մարզողն է «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ոճրագործ հրոսակախումբերուն, առաւելագոյնս կը շահագործէ Սուրիոյ ու Իրաքի քարիւղի հանքերը, տակաւին երկու տարի առաջ ստեղծեց Քեսապի ծանօթ ողբերգութիւնը, ներշնչումի աղբիւր է Արցախի դէմ ազերիական ոճիրներուն համար, իսկ Պունտեսթակի որոշումին իբրեւ անմիջական հակադարձութիւն՝ անոր ենթակայ հրոսակները ռմբակոծեցին Հալէպի հայկական թաղերը, իբրեւ յաւելում՝ Տէր Զօրի նահատակաց մատրան ռմբահարման ու բազում այլ ապացոյցներու…
Պատահական չէր, որ քիւրտեր ու կիպրացիներ հայերուս հետ պարի ելան Պունտեսթակի հրապարակին վրայ, ի լուր արդարութեան ձայնին։ Ուրիշներ ալ պիտի միանան Թուրքիոյ դէմ կազմուած «պարախումբ»ին…
***
Պունտեսթակի որոշումը նորագոյն հանգրուանը նշեց մեր Դատի հետապնդման դրօշարշաւի ճամբուն։
Մարզադաշտերու վրայ, դրօշարշաւի մրցումները կը մղուին չորս հանգրուանով, իւրաքանչիւր փուլ վազողը գաւազանը կը փոխանցէ յաջորդին, այդպիսով մասնակցութիւն բերելով վերջնական յաղթանակին։ Մեր դրօշարշաւը բազմահանգրուան է. զայն սկսած ենք այն օրէն, երբ Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակումն ու մեր հողերու կորուստը դուրս բերինք սգատօնի եւ ողբի վիճակէն ու քայլ առ քայլ ամրացուցինք մեր քաղաքական-ուժական-դիւանագիտական քայլերը։ Դրօշարշաւի իւրաքանչիւր փուլի մասնակից անպայման որ իր բաժինը ունի նորագոյն նուաճումներուն մէջ։ Այս համայնապատկերին մէջ է որ պէտք է դիտենք Գերմանիոյ խորհրդարանին որոշումով արձանագրուած հանգրուանը, որ շօշափելի յենակէտ եւ ուժականութիւն կը ներարկէ մեր բազմուղի երթին։
Հայկական նոյն բազուկներն ու ձեռքերն են, որ միասնականօրէն պիտի շարունակեն յաջորդ փուլերուն կերտումը. մեր կողքին պիտի ապահովենք բոլոր անոնք, որոնք «կ՛ամչնան» ճշմարտութիւնները արտասանելէ իրենց անունով։ Ցեղասպանութիւն գործած ու խոստովանած Գերմանիոյ օրինակին պիտի հետեւին ցեղասպանական կամ համազօր արարքներ գործած այլ երկիրներ, ներառեալ Թուրքիոյ միւս դաշնակիցներն ու Ատրպէյճան կոչուած գործակիցը։
Մեր ձեռքերով ու ճակատագրակիցներու գործակցութեամբ պիտի սեղմենք Թուրքիոյ կոկորդը, մինչեւ որ ան հետեւի Գերմանիոյ օրինակին։ Թուրքիոյ ժողովուրդն ալ անտարբերներու սիւնակին մէջ պիտի չմնայ, որովհետեւ ան ալ կը կրէ Էրտողաններու եւ նախորդներուն ոճրային քաղաքականութեան հետեւանքները։ Չմոռնանք, որ Պունտեսթակի որդեգրած բանաձեւը պատրաստուած էր ծագումով թուրք երեսփոխանի մը կողմէ, որ թրքական պաստառին վրայ միայնակ ծաղիկ մը չէ։
Ու դրօշարշաւը պիտի հասցնենք մե՛ր յաղթանակին՝ մեր արդար պահանջներուն հաստատման։ Անկէ ետք պիտի սաստկանայ արդէն իսկ ծայր առած նոր դրօշարշաւը, որ մեզ պիտի տանի դէպի հատուցում, դէպի Արարատ, Վան, Մուշ, Սասուն ու Կիլիկիա, առանց մոռնալու «արեւելեան կողմն աշխարհի» բռնագրաւեալ հողերը՝ Գետաշէնն ու Նախիջեւանը…
Կը հաւատանք, պէ՛տք է հաւատանք մեր ուժին ու յաղթելու կարողութեան, թօթափելով «փոքր ու տկար ենք, ի՞նչ կրնանք ընել»ի հոգեբանութիւնը։ Այդ կը վկայեն սահմանապահ մեր երիտասարդները, նոյնը կ՛ըսեն մեր մետալակիր մարզիկները…
4 Յունիս 2016