ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
ՀՄԸՄի Երուսաղէմի մասնաճիւղը բաւականին տպաւորիչ միջոցառմամբ 13 Մայիսին նշեց իր հիմնադրութեան 80ամեակն ու նոյն միջոցառման ընթացքին նաեւ պարգեւատրեց հինգ վաստակաշատ անդամների, որոնց կարգին անարդարօրէն նաեւ ես, որպէս թէ ունեցած եմ բաւականին տարիների վաստակ եւ աշխատանք ՀՄԸՄի Երուսաղէմի յարկի ներքեւ:
Կարելի չէ ծածկել մարդուս որոշ չափով բաւարարութեան զգացումը, այնուհետեւ մեծ ուրախութիւնը, որ ապրեցի. ինքնին ձեռնարկի յաջողութիւնն էր, որ կարելի է նկատել մի շարք առումներով աննախընթաց:
Հիանալի բեմ էին համադրել տղերքը, հիանալի յայտագիր էին դասաւորել եւ մշակել՝ տեղին երգ-մեներգ, մասնաճիւղի աշխատանքին վերաբերող տեսերիզ, մինչեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցչի «օտիօ-վիտէօ» շնորհաւորութիւն, որին հետեւում էին ՀՄԸՄ Կեդրոնականից եղբայր Գառնիկի ու համասփիւռքեան ՀՄԸՄի գոնէ 12 շրջանների շնորհաւորական մաղթանքները:
Օրուայ պատգամը փոխանցեց վաստակաշատ երէց եղբայր Յակոբ Տէմիրճեանը, ով անդրադարձաւ ընդհանրապէս ՀՄԸՄի ազգային դիմագծին ու այդ գծով նոյն յարկի տակ տարուած դաստիարակչական աշխատանքին:
Ձեռնարկը, որն ըստ ծրագրի վայելելու էր Սուրբ Աթոռի աթոռակալ Նուրհան արքեպիսկոպոսի նախագահութիւնը, փակուեց Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեանի ողջերթով թէ օրհնութեամբ, նկատի ունենալով սրբազան հօր անակնկալ բացակայութիւնը:
Ձեռնարկի փակմանը միահամուռ հնչեց «Յառաջ նահատակ»ը, ապա յաջորդեց սրահի հանդիպակաց «պզտիկ բակի» մէջ «Նարօ» ճաշարանի սպասարկած հիանալի սեղանը, որի շուրջ աւելի քան մէկ ժամ յամեցան սրահի հիւրերը, նաեւ ստանալով օրուայ առթիւ կտրուած կարկանդակի իրենց բաժինը: Պարզ էր, որ ժողովուրդը վայրից եւ շրջապատից բաժանուել չէր ուզում, ու այդ բացատրում էր շատ բան ծրագրի յաջողութեան մասին:
Կարելի չէր ուրախութիւն եւ բաւարարութիւն չապրել այդ երկու հարիւր համակիրների եւ հիւրերի առաջ, որոնք միայն գովասանքի խօսքեր ունէին ձեռնարկի կազմակերպման ու ներկայացման շուրջ:
Ես ինքս ինձ հարց էի տալիս, թէ ե՞րբ արդեօք մեր այս տղաներն ու աղջիկները ժամանակ էին գտել այսպիսի միջոցառում մէջտեղ բերելու, ե՞րբ էին հաւաքած ու համադրած այս ատաղձը մեր մասնաճիւղի աշխատանքի շուրջ, ե՞րբ էին յաջողացրել այդքան կոկիկ գեղարուեստական ծրագիր մշակել ու ներկայացնել, ե՞րբ էին հասել մինչեւ Բիւրօ ու Կեդրոնական ու հաւաքել այսքան շնորհաւորական մաղթանքներ։