ԲԻՒԶԱՆԴ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Երախտապարտ եմ, որ ծնողներս զիս հայկական դպրոց ղրկեցին: Քննեցին ու որոշեցին այն տարբերակը, որուն պատճարաւ 14 տարի յաճախեցի Ֆերահեան Ազգային վարժարան:
Դպրոցը տուաւ հիմքը, որուն վրայ սկսեր եմ շարել կեանքիս քարերը: Ուրախ եմ, բայց միեւնոյն ատեն կը զղջամ: Կը զզջամ որ հայկական դպրոց յաճախած ատենս աւելի մօտէն հայերէն դասերուս չհետեւեցայ: Մեր հարուստ, բայց բարդ ուղղագրութեան եւ քերականութեան չտիրապետեցի: Մեր հազարաւոր տարուան պատմութիւնը անգիր չսորվեցայ: Բայց գիտեմ թէ ուշ չէ:
Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր աշակերտներուն՝ սորվեցէք ու սորվեցուցէք. արժէքը գիտցէք մեր հարուստ մշակոյթին, եղէք լաւագոյնը ձեր ընտրած ուղիներուն մէջ ու գործածեցէք ձեր գիտելիքները՝ բարելաւելու մեր ազգն ու հայրենիքը:
Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր ծնողներուն, մանաւանդ անոնց, որոնք միջոցը չունին իրենց երեխաները հայկական դպրոց ղրկելու՝ ձեր զաւակներուն մի առաջարկեցէք, որ հայ մշակոյթը պահպանեն, այլ՝ պնդեցէք:
Պնդեցէք, որ գիտնան թէ ինչ կարեւոր է,
Խօսեցէք, որ գիտնան թէ ինչ անոյշ է,
Գրեցէք, որ գիտնան, թէ ինչ սիրուն է,
Սորվեցուցէք, որ գիտնան, թէ ինչ ընդարձակ է,
Երգեցէք, որ գիտնան թէ ինչ հաճելի է,
Եփեցէք, որ գիտնան, թէ ինչ համով է,
Քաջալերեցէք, որ գիտնան, թէ ինչ հպարտանալի է՝
Որովհետեւ եթէ այս բոլորը գիտնան, երբեք չեն դադրեցներ մեր հայապահպանման պայքարը:
*Բիւզանդ Պէրպէրեան 22 տարեկան է