ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, Ֆինլանտա կատարած իր այցելութեան սեմին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն։
Պատասխանելով քիւրտերու հետ հաշտութեան գործընթացին մասին ուղղուած հարցումի մը՝ Տաւութօղլու նշեց, որ եթէ իսկապէ՛ս քիւրտերու ամբողջական ապազինում չըլլայ, որեւէ բանակցութիւն պիտի չսկսի։
Ան ըսաւ. «Մեր կողմէ, այս իմաստով, ամէն բան կատարուեցաւ։ Սակայն յատկապէս արտասահմանի դէպքերը, Սուրիոյ մէջ հաւասարակշռութիւններու խախտումը, Քոպանիի դէպքերը եւ այլ իրադարձութիւններ պատճառ դարձան, որ Թուրքիա հասնի ներքին ապստամբութեան սեմին։ Այդ պատճառով է որ հաշտութեան գործընթացը անելի մատնուեցաւ։ Իսկակա՛ն իմաստով ապազինում պէտք է։ Ասիկա նախապայման է»։
Նշենք, որ քրտական կուսակցութիւնները բանակցութեանց ձախողութեան պատասխանատու կը նկատեն իշխանութիւնները, յատկապէս՝ Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ռազմական գործողութիւնները սաստկացնելու եւ հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերը ռմբակոծելու Անգարայի քայլերը։
Նշենք, որ Ապրիլ 4ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւս յայտարարած էր, թէ այս հանգրուանին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ բանակցելու հաւանականութիւն չկայ։