ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նախկին փոխնախագահ Ումութ Օրանի կողմէ պատրաստուած տեղեկագիր մը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ սահմանակից կամ մօտիկ երկիրներու հետ առեւտուրի տարողութիւնը պակսած է գրեթէ 35 միլիառ տոլարով, իսկ դէպի այդ երկիրները կատարուած արտածումի տարողութիւնը՝ 16 միլիառ տոլարով։
Նաեւ, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին )2012-2015), տարածաշրջանի 18 երկիրներուն շարքին միայն դէպի Իսրայէլ կատարուած թրքական արտադրութեանց արտածումները աճած են։
Տեղեկագիրի հեղինակին խօսքերով՝ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան սխալները շատ մեծ ազդեցութիւն ձգած են երկրի արտաքին առեւտուրին վրայ։ «Անմիջական դրացի եւ շրջանի 18 երկիրներուն հետ, 2012ին, 123.9 միլիառ տոլարի հասած արտաքին առեւտուրի տարողութիւնը՝ 2015ին պակսած է 28 առ հարիւր համեմատութեամբ», կ՛ըսէ Ումութ Օրան։
Օրան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ ամէնէն շատ պակսած է դէպի Ռուսիա, Իրան եւ Իրաք կատարուած արտածումներու տարողութիւնը՝ յաջորդաբար 3, 6.2 եւ 2.2 միլիառ տոլարով։ Յիշեալ երկիրներէն ներածումները եւս պակսած են։
Այնուամենայնիւ, թրքական ապրանքներու արտածումը աւելցած է միայն դէպի Իսրայէլ։ Հակառակ 2010էն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու լարուած վիճակին, Թուրքիայէն դէպի Իսրայէլ արտածումներու արժէքը 2012-2015 թուականներուն աւելցած է 368 միլիոն տոլարով։