ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մինա՛կ ենք, միայն ու միայն մենք մեր ուժերուն վրայ վստահելու իրականութեան հետ պէտք է հաշտուինք:
Մինակ ենք ու մեր ուղեղէն պէտք է արմատախիլ ընենք այն միտքը, թէ ամէնէն ծանր պահուն «դաշնակից» ուժ մը պիտի հասնի ու փրկութեան ձեռք երկարէ մեզի:
Արցախեան ճակատին վրայ մղուած վերջին մարտերը, անոնց ընթացքին թշնամիին կողմէ օգտագործուած զինատեսակներն ու անոնց աղբիւրները մեզի ցաւագնօրէն յայտնի դարձուցին, թէ մեր բանակը պաշտպանողական եւ յարձակողական ժամանակակից զինատեսակներու խի՛ստ կարիքը ունի: Հայաստանի պետական պիւտճէով կարելի չէ պատկերացնել, որ Հայոց բանակի ռազմական կարիքները ամբողջականօրէն կը բաւարարուին, մանաւանդ ա՛յն մակարդակով, որ կը պահանջուի՝ անոր առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու:
Հիմա ժամանակը յարմար կրնայ չըլլալ հարցնելու, թէ մեր պետական պիւտճէն ինչո՞ւ այսքան խեղճ է, եւ աջ ու ձախ մեղադրանքներ ուղղելով՝ պատասխանատուներ փնտռելու այս տխուր վիճակին համար:
Յամենայնդէպս, Հայոց բանակին հնարաւորութիւնները ուժեղացնելու միջոցը պէ՛տք է գտնել եւ պէտք է գտնել՝ արա՛գ:
Այստեղ, Սփիւռքը մեր ազգային իրականութեան մէջ իսկական գործօն ըլլալու կամ դառնալու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնէ ինքզինք: Հայրենասիրական ամէնէն վառ զգացումները արտայայտելու հանգրուանը սպառած է արդէն. ժամանակն է, որ թէ՛ աշխարհին, թէ՛ մենք մեզի եւ մանաւանդ՝ մեր թշնամիի՛ն ցոյց տանք, որ կայ սփիւռքեան գործօն մը, որ կրնայ վճռական ներդրում ունենալ Հայոց բանակի ուժեղացման ծրագիրներուն մէջ:
Այդ վճռական ներդրումին պահը հիմա՛ է: Օգնե՛նք, որ մեր յաղթական բանակը զինավառութեան մէջ չխեղճանայ:
Ընկեր Աբօ, տեղին է խմբագրականդ: Ես երէկ ցոյցին մասնակցեցայ եւ տեսայ նոր սերունդը ինբպիսի պայքար կը մղէ զօրակցութիւն յայտնելու մեր հայրենի եղբայրներուն: Տպաւորուած անոնց ներկայութենէն, նաեւ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներու ցուցաբերած զօրակցութենէն, ես ցաւագնօրէն յիշեցի մեր ժողովուրդին հարիւր տարի առաջ ցուցաբերած անհոգ եւ ապուշ մտայնութիւնը, թէ կոտորածները իրենց շրջաններուն համար չէ, կամ Պոլիս նստած պատրիարքին եւ անոր շուրջը բոլորուած «ազգայինները» որոնք խորհուրդ կուտային գրգռութիւններու առիթ չտալ եւ համբերել (ի հարկէ մինչեւ ջարդուիլը): Եթէ անոնք խորհուրդ տային ամէն գնով դէմ դնելու ոսմանցիին սանձարձակ ոճիրներուն, եւ այսօրուան միասնականութիւնը արտայայտուէր, Թուրքիա կոչուած երկիրը գոյուգթիւն պիտի չունենար:
Ընկեր Աբօ.կարդացի խմբագրականդ. Շատ ճիշտ, տեղին և հստակ է: Այս ճշմարտությունը, որ մենք պետք չէ հույս դնեենք այս կամ այն, “ստրատեգիական” կամ ոչ, “դաշնակցի” վրա, մեր ժողովրդի համար վաղուց պետք է հստակ լիներ: Մնում է նույնիսկ շնորհակալ լինել Պուտինին, որ իր այս շառաչյուն “ապտակով” հիշեցրեց մեզ մեկ անգամ ևս որ, “վերջապես հասկացեք, մենք երբեկ չենք եղել ու հիմա էլ չենք ձեր փրկարարը”…