ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ 201
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Եզակի է այս խորանին կոնքը՝ թէ՛ հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան եւ թէ հայկական գեղանկարչութեան մէջ. եօթը մեթր բարձրութիւն ունեցող որմնանկար, ուր պատկերուած է Համբարձման տեսարանը: Եօթներորդ դարու գործ է: Նկարին մէջ Քրիստոսն է, ձեռքին՝ ոլորուած մագաղաթ, որուն վրայ գրուած է Յովհաննէսի Աւետարանէն հատուած մը: Պահպանուած է նաեւ նկարիչին անունը, երկաթագիր տառերով. «Ստեփանոս»: Սիրելի աշակերտներ, հազուագիւտ են հայկական այն եկեղեցիները, որոնց կոնքերը նկարուած են: Հիմա ազատօրէն կրնաք լուսանկարել: Յետոյ կ՛ուղղուիք ձեր յաջորդ յուշարձանը տեսնելու:
Արուճի տաճարին մէջն է աշակերտական մեր խումբը: Երբ պատանիները հիացումով կը լուսանկարեն հսկայ տաճարը, ուղեցոյցին հետ ժամանակ կ՛ունենանք զրուցելու «կոնք»երու մասին:
– Զարմանալի է «կոնք»ը. հայոց լեզուի մէջ թերեւս չկայ ուրիշ մէկ բառ, որ ունենայ անոր չափ բազմատեսակ գործածութիւն: Մարդկային կազմախօսութեան մէջ, «կոնք»ը իրանը ազդրերուն կցող, երկու լայն ու տափակ ոսկորներ են, յենարան մը ողնաշարի եւ մարմինի ամբողջ վերին մասի համար: Անիկա նաեւ արտաքին ականջի գոգաւոր խորութիւնն է: «Կոնք»ը միեւնոյն ժամանակ ջուրի լայն, ծոցաւոր աման է, տաշտ, ինչպէս՝ Տաթեւ վանքի այն պատմական կոնքը, որ յիշուած է Դաւիթ Բէկ պատմավէպին մէջ. «Վանահայրը վեր առեց մի ահագին արծաթէ կոնք, որի մէջ ոտնալուայի խորհուրդը կատարելու ժամանակ լուանում էին միաբանների ոտները: «Այդ կոնքը Սիւնեաց Փիլիպպէ գահերեց իշխանի նուիրածն է», ասաց վանահայրը…»: Երուսաղէմի հին տաճարներուն մէջ քահանայի սենեակն ալ կոչուած էր «կոնք»:
– Եւ կայ եկեղեցիներու «կոնք»ը:
– Զոր կը կոչենք նաեւ «գմբեթարդ»: Եկեղեցւոյ կամարաւոր լանջն է ան, կիսագմբեթ մը: Կը ծառայէ խորանի կան խորշերու կիսագլանային մասերը ծածկելու համար: Լայնօրէն գործածուած է հռովմէական եւ բիւզանդական ճարտարապետութեան մէջ: Հայկական միանաւ եւ եռանաւ տաճարներու մէջ, չորրորդ դարէն սկսեալ կը տեսնենք կոնքեր:
– Ունեցեր ենք եկեղեցիներ, որոնց արեւելեան կոնքի վրայ տեղ կը գտնեն Քրիստոսի, Աստուածամօր կամ սուրբերու խճանկարներ, որմնանկարներ: Կը պատմեն Ղրիմի Թէոդոսիա քաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ կոնքի գեղեցկութիւնը, ուր կան Քրիստոսի եւ 12 առաքեալներու պատկերաքանդակները: Կան նաեւ եռակոնք, նոյնիսկ քառակոնք եկեղեցիներ, ինչպէս՝ Զուարթնոցը եւ Սեւանի վրայ Հայրավանքը:
– Որոշած ենք օրը վերջացնել Հայրավանքի մօտ: Աշակերտները հոն պիտի ընթերցանեն Թումանեանի «Աղաւնու Վանքը»: Տեսէք, «կոնք»ը, որ մեր պատմութեան եւ արուեստի մէջ ունեցեր է այնքան մեծ նշանակութիւն՝ փոխառութիւն է: Բունը՝ յունարէն «հոնհի» կամ «գոնխի», այլ լեզուներու մէջ՝ concha, conca, conch, conque, conchiglia, որ կը նշանակէ խեցի, խեցեմորթ, զրահաւոր ծովային կենդանի, որ ունի պտուտակաձեւ ոսկրային կեղեւ, գիտական անունը turbinella pyrum: Արմատը սանսկրիտ է, «սոնքա»: Փորթուկալացի ծովայիններ երբ Հնդկաստան եւ Պենկալ սկսած են յաճախել, բառը ներառած են իրենց լեզուին մէջ «goncha» ձեւով եւ ապա տարածած՝ Միջերկրականի շուրջ:
Հնդկական ովկիանոսին շուրջ, կոնքին ծայրամասը կտրելով կը գործածեն որպէս ծէսերու փող: Ան նաեւ թանաքաման է, կղզիներու մէջ գործածուող «դրամ», զարդեղէն, մանեակ եւ վերջապէս՝ սննդեղէն: Ձախադարձ կոնքը, կոնքերուն ամենահազուագիւտը, 200 հազարէն մէկը, սրբազան է Հնդկաստանի մէջ, ուր կը կոչուի նաեւ «Երկնային կամ Աստուածային կոնք», ունի կրօնական մեծ նշանակութիւն, քանզի ութը սրբազան նշաններէն մէկն է: Իսկ հայոց լեզուի համար բառապաշարի առատաձեռն աղբիւր. կոնքագօտի, կոնքազդրային, կոնքախոռոչ, կոնքակերպ, կոնքաձեւ, կոնքեայ, կոնքամաս, կոնքային, կոնքաչափ, կոնքաչափել, կոնքեղ, կոնքոսկր:
Աշակերտները աւարտած են եկեղեցին ու անոր գեղեցիկ կոնքը լուսանկարելու արարողութիւնը: Երբ հանրակառքը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Հայրավանք, անոնք Թումանեան արտասանելէ ետք, կ՛ուզեն քիչ մը ազատ ժամանակ ունենալ, լճափ իջնել ու հաւաքել… հայկական կոնքեր: