Հովանաւորութեամբ՝ Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ՝ Պաղտատի հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան (ՊՀԵԵՄ) եւ հսկողութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներու յանձնախումբին, համագործակցութեամբ «Մասարա»չ մշակոյթի եւ տեղեկատուական զարգացման հաստատութեան, Փետրուար 6ին տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցը» արաբերէն գիրքի շնորհահանդէսը Պաղտատի հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան սրահէն ներս։ Ներկայ էին գիրքի հեղինակները՝ Ալաա ալ Շերիֆ եւ Ֆիքրէթ ալ Պաղտատի։
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան ատենադպիր Սարգիս Գոթունեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբի խօսքը ներկայացուց Մելքոն Մելքոնեան, եւ այդ յանձնախումբին իրականացուցած ձեռնարկներուն մասին հաղորդեց առաջնորդարանի դիւանապետ Յակոբ Սահակեան։
Ձեռնարկին ներկայ եղայ էին նաեւ Սիրիանական ուսումնասիրութեան կեդրոնի ներկայացուցիչներ։
Յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան Իրաքի կարեւորագոյն պետական, կրոնական, մշակութային, լրատուական հաստատութիւններու ղեկավարներ։
Յայտագիրի աւարտին, Աւագ արք. Աստուրեանի կողմէ գնահատագիրներ բաշխուեցան գիրքի հեղինակներուն, «Ալ Մասարա»չ հաստատութեան, արուեստագէտ Անդրանիկ Օհաննէսեանին, հատորի սրբագրիչ Արա Աշճեանին։
Ձեռնարկին զուգահեռ կ՛ընթանար Անդրանիկ Օհաննէսեանի նկարչական գործերու ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին։