Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 2015ի վերջերուն եւ 2016ի սկզբնաւորութեան, Երեւանէն մինչեւ հայաշխարհի ամէնէն հեռաւոր ափերը, իր ընկերներու եւ համակիրներու խիտ շարքերով ու աշխոյժ մասնակցութեամբ տօնեց իր հիմնադրութեան 125ամեակը:
ՀՅԴ 125ամեակի հանդիսութեանց զուգահեռ, կազմակերպական գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, տեղի ունեցան ՀՅԴ շարքերը մուտք գործող նորագիրներու երդման արարողութիւններ: Մեր ժողովուրդի նորահաս սերունդէն տասնեակներով երիտասարդներ՝ աւարտած ըլլալով ՀՅԴ պատմութեան ու քաղաքական ուղեգիծին, ծրագրին ու գաղափարաբանութեան, կազմակերպական կառոյցին եւ բարոյական աւանդներուն նուիրուած դաստիարակչական շրջանը, հանդիսաւոր արարողութիւններով կատարեցին դաշնակցականի իրենց երդումը եւ միացան իրենց բնակավայրի ՀՅԴ կառոյցներուն:
ՀՅԴ յունաստանի ընտանիքը եւս ունեցաւ 125ամեակի նորագիրներու իր հունձքը՝ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ շրջաններուն մէջ կատարուած իրերայաջորդ երեք երդման արարողութիւններով: 125ամեակի ՀՅԴ Յունաստանի հունձքը կազմեցին 12 երիտասարդ ընկերուհիներ եւ ընկերներ, որոնց դաշնակցական ուխտը ընդունող օրուան կնքահայրները շեշտեցին վեհ խորհուրդն ու անսակարկելի արժէքը ՀՅԴ շարքեր մուտքի երդումին, որ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին ամէն գնով՝ ի հարկին նաեւ կեանքի գնով ծառայելու եւ նուիրուելու դաշնակցականին անդառնալի որոշումն ու յանձնառութիւնը կը նուիրականացնէ: