ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանական լրատու գործակալութիւն մը կը պնդէ, թէ Ռուսիոյ բանակը կը պատրաստէ Սուրիոյ մէջ կռուելու համար վարպետ նշանառուներու խմբակներ, որոնք կազմուած են հայ եւ եզիտի կիներէ։
Ռուսերը մասնաւոր կերպով կը քաջալերեն հայ եւ եզիտի կիները, որպէսզի անոնք մասնակցին նշանառու այս խմբակներուն։ Դիտել կը տրուի, որ այս որոշումը տրուած է հիմնուելով այն համոզումին վրայ, թէ հայ ու եզիտի կիները աւելի անխիղճ դիրքաւորում ունին իսլամներու, արաբներու, թիւրքմէններու եւ քիւրտերու նկատմամբ։