Յ. Կ.
Հայ կաթողիկէներու Սուրբ Խաչ ընկերակցութիւնը Շաբաթ, Յունուար 30ի յետմիջօրէին, Փարիզի «Ս. Մեսրոպ» մշակութային կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր կլոր սեղան-վիճարկում մը՝ վերոնշեալ նիւթով: Բանախօսելու հրաւիրուած էին Հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն Յովսէփ Ծ. վրդ. Քէլէկեան, գրող Արա Գրիգորեան, պատմաբան Յարութիւն-Ռեմոն Գէորգեան, վերլուծաբան Կայծ Մինասեան եւ Փարիզի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանորդ Վահագն Աթապէկեան, որ սակայն վերջին պահուն տեղեկացուցած էր, թէ պիտի չկարենայ ներկայ ըլլալ:
Զրուցավարութեան պաշտօնը ստանձնած էր Կորիւն Ափրիկեան:
Մշակութային կեդրոնի դահլիճը ծայրէ ծայր լեցուցած շուրջ 130 ներկաներուն առջեւ բացման խօսքը արտասանեց Կորիւն Ափրիկեան, որ ըսաւ, թէ «առաջիկայ Ապրիլ 24ին պիտի նշենք 101րդ տարելիցը 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան սանձազերծման: 2015ը, համաշխարհային մաշտաբով եղաւ ոգեկոչման եւ զօրաշարժի բացառիկ տարի մը: Բայց արդեօք վտանգ չկա՞յ, որ այդ յոյժ աշխոյժ ապրումներէն ետք, արթննանք քիչ մը հարբած»:
Ան հարց տուաւ, թէ հարիւրամեակի վաղորդայնին որո՞նք են հեռանկարները, ո՞ր բնագաւառներէն ներս պայքար պիտի կամ պէտք է մղուի: Ապա ան թուեց այն չորս կէտերը, որոնց շուրջ պիտի հարցապնդէր բանախօսները.
ա. Ցեղասպանութեան ճանաչումը պայմանաժամ ունի՞: Արդեօք պէ՞տք է վերատեսութեան ենթարկել լեզուական որոշ տարրեր:
բ. Արդեօք Հայկական Հարցը այսօր աւելի լայն դաշտ մը չի՞ գրաւեր եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման ճամբուն վրայ անշրջանցելի անցք մը չէ՞ դարձած:
գ. Հայ տարրին ընկալումը այսօր բոլորովին տակն ու վրայ չէ՞ եղած իսլամացուած հայերու յայտնութեամբ:
դ. Այսօր եւս կան բազմաթիւ շրջաններ, ինչպէս Սուրիա, Իրաք, Ղարաբաղ, Թուրքիա, ուր իրենց ծագումին բերմամբ հայերու ֆիզիքական ապահովութիւնն իսկ ուղղակի վտանգուած է:
Այս հարցերուն պատասխանելու համար ան յաջորդաբար խօսքը փոխանցեց բանախօսներուն:
Թերթիս սահմանափակ սիւնակներուն մէջ բնականաբար կարելի չէ վերարտադրել հոն արտայայտուած բոլոր միտքերը, որոնք կը կայանային հաստատումներէ եւ առաջարկներէ:
Այսպէս, Յարութիւն-Ռեմոն Գէորգեան նախ նիւթին հաշուեկշիռը կատարեց պատմաբանի ակնոցով եւ ըսաւ, թէ հարիւրամեակը առիթ հանդիսացաւ հաստատելու, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը այլեւս խնդրոյ առարկայ չէ, այլ՝ հաստատուած իրականութիւն, բացի ԱՄՆու պարագայէն, ուր որոշ պատմաբաններ կաշառուած են Թուրքիոյ կողմէ: Բայց այդ երեւոյթն ալ փոփոխութեան փուլի մը մէջ կը գտնուի, ըսաւ ան, քանի որ պարզուած է, թէ Թուրքիա սկսած է դադրեցնելու վերոնշեալ տխրահռչակ պատմաբաններու գանձատրումը, վստահաբար հասկցած ըլլալով, թէ ձախողութեան դատապարտուած մարտավարութիւն է ատիկա: Ան ողջունեց նաեւ նոր պատմաբաններու, ներառեալ այլախոհ թուրքերու ասպարէզ մուտքը:
Նոյն հաշուեկշիռը կատարեց Կայծ Մինասեան լրագրական տեսանկիւնէն: Ան ըսաւ, թէ ֆրանսական մամուլին առումով՝ շատ դրական էր հարիւրամեակի արձագանգը: Այդ իմաստով, տարիներէ ի վեր հարթուած ճամբան ցոյց տալու համար ան բաղդատականներ կատարեց 1965ին՝ Յիսնամեակին եւ անցեալ տարի՝ հարիւրամեակին գտած արձագանգներուն միջեւ: Ան նշեց նաեւ մեծ թիւով գիրքերու հրապարակումը:
Արա Գրիգորեան խօսք առնելով, նախ ցաւ յայտնեց, որ Վահագն Աթապէկեան բացակայ է, մինչ ան կրնար կարեւոր խօսակից հանդիսանալ շատ մը նիւթերու մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը ներկայացնելու տեսանկիւնէն: Ան խօսեցաւ իր քաղաքական երկար կեանքի ընթացքին ունեցած փորձառութիւններէն: Ապա ան նշեց այն մեծ թիւով ձեռնարկները, որոնք տեղի ունեցան Ֆրանսայի մէջ՝ ընդգրկելով 25 նոր քաղաքներ: Գրիգորեան աւելցուց, թէ հիմա որ կատարուած է այդ գործը, էջը պէտք է դարձնել, պէտք է որդեգրել բոլորովին նոր ռազմավարութիւն: Ապա ան նաեւ ընդգծեց, թէ «Հայ Դատին տէրը հայն է, եւ ոչ՝ ուրիշը» եւ թէ «Հայ Դատը այսօր Հայաստանն է»: Գրիգորեան, ինչպէս միշտ, շեշտը դրաւ նաեւ հայոց լեզուի կարեւոր դերին վրայ:
Յովսէփ Ծ. վրդ. Քէլէկեան ամփոփեց ոգեկոչումներու կրօնական աշխարհէն ներս գտած արձագանգը, յատկապէս յիշելով Ցեղասպանութեան՝ պապին կողմէ ճանաչումը:
Կայծ Մինասեան նշելով, որ ունինք երկիր մը, որ 1991էն ի վեր պետութիւններու միջազգային դաշտին մէջ գրաւած է իր օրինական տեղը, վեր առաւ Հայաստանի գերիշխանութեան անհրաժեշտութեան հարցը՝ ինքզինք պարտադրելու տեսանկիւնէն: Նաեւ անդրադառնալով Պալքաններու եւ Միջին Արեւելքի այսօրուան ողբալի վիճակին, ան պնդեց, թէ ատիկա հետեւանք է Հայոց Ցեղասպանութեան:
Այնուհետեւ, կրկին խօսք առնելով, Յ.-Ռ. Գէորգեան ընդգծեց Թուրքիոյ քաղաքացիական ընկերութեան հետ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը: Ան թելադրեց ցայսօր իւրացուած կարծրատիպերը մէկդի թողնելով՝ կեդրոնանալ աւելի ստոյգ եւ գործնական նիւթերու վրայ:
Ապա, Արա Գրիգորեան խօսելով իսլամացած հայերու մասին, բերաւ իր իսկ ազգականներուն օրինակը: Այս նիւթին շուրջ Կորիւն Ափրիկեան անդրադարձ կատարեց անոնց մկրտութեան ուղղութեամբ յարուցուած դժուարութիւններուն։ Յովսէփ Ծ. վրդ. Քէլէկեան բացատրեց, թէ դժկամութեան հարց չէ, կան մանաւանդ բազմաթիւ դժուարութիւններ թրքական օրէնսդրութեան տեսանկիւնէն:
Գրիգորեան շարունակելով՝ ըսաւ, թէ իսլամացուած հայերը շատ կարեւոր դերակատարներ են, եւ իրենց ալ ներգրաւումով, Թուրքիոյ հետ մեր հարցը մեծ մասամբ պէտք է լուծել Թուրքիոյ մէջ իսկ:
Կայծ Մինասեան եւս շեշտեց նորոգուելու անհրաժեշտութիւնը եւ ըսաւ, թէ սկսեալ իրմէ՝ նոր սերունդէն եւ ոչ միայն շատեր սկսած են ձանձրանալու միայն անցեալի վերաբերող յանկերգներ լսելէ: Ան ընդգծեց հայկական աշխարհէն դէպի միջազգային աշխարհ բացուելու անհրաժեշտութիւնը:
Յ.-Ռ. Գէորգեան ռազմավարութեան փոփոխութեան որպէս կարեւորագոյն գլուխ՝ նշեց հատուցման հարցը: Եւ այս մասին բացատրութիւններու համար ամէնէն դիպուկ անձն էր «Հատուցում-2015» հաւաքականի անդամ Գեղամ Գեւոնեան, որուն փոխանցուեցաւ խօսքը, որ կարգ մը լուսաբանութիւններ կատարեց այդ մասին:
Աւարտին հաւաքուեցան բաւական մեծ տրցակ մը կազմող այն թղթիկները, որոնք բաշխուած էին ներկաներուն՝ իրենց հարցումները արձանագրելու համար: Բայց այդ հարցումներուն միայն չնչին մէկ մասը արծարծելու ժամանակ մնացած էր: Հաւանաբար պէտք էր նախատեսել այդ բաժինին յատկացուած քիչ մը աւելի լայն ժամանակ, մանաւանդ որ բանախօսութիւններուն ընթացքին կատարուեցաւ այն դիտողութիւնը, թէ մեր ժողովուրդին բաւականաչափ խօսքի իրաւունք չի տրուիր։
«ՆՈՐ ՅԱՌԱæ»