ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան Ազգ. մանկամսուրի աշակերտութիւնը, մեծապէս քաջալերուած ՀՕՄի «Ջաւախք» յանձնախումբի մարդասիրական աշխատանքներէն՝ փափաքած էր իր բաժինը բերել ջաւախքահայութեան օժանդակութեան ազգանպաստ գործին: Այս նպատակով, Դեկտեմբեր 2015ին, մանկամսուրը նախաձեռնած էր ձմեռնային հանդերձանքի արշաւի մը, որ մեծապէս նպաստեց յանձնախումբին նախատեսած ծրագիրներուն:
Արդարեւ, մարդասիրական այս արշաւին արդիւնքով, մանկամսուրի պատասխանատու մարմինին, ուսուցչուհիներուն, փոքրիկ աշակերտներուն եւ ծնողներուն միասնական ջանքերով կարելի եղաւ ամենամեծ չափի վեց արկղերով անբողջութեամբ նոր վերարկուներ եւ մոյկեր հաւաքել եւ զանոնք յանձնել շրջանի ՀՕՄի գրասենեակ՝ առաքուելու համար æաւախք:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, մեծապէս գնահատելով մանկամսուրի փոքրիկներուն այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը՝ 20 Յունուար 2016ին արկղերը ուղարկեց æաւախք, որպէսզի գիւղաբնակիչներ պաշտպանուին ցուրտէն:
«Յատկապէս փոքրիկներու կողմէ կատարուած նման նախաձեռնութիւններ մեծապէս կը յուսադրեն եւ առաւել կը խրախուսեն մեզ, կատարելու ազգանպաստ պարտականութիւններ՝ մեր ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի՝ ջաւախքահայութեան համար: Թող այս փոքրիկները բարի օրինակ դառնան բոլորիս, որպէսզի մենք չմոռնանք զանազան երկիրներ բնակող եւ մեր օժանդակութեան կարօտ մեր հայրենակիցները», այս առիթով շնորհակալութեամբ ընդգծեց ՀՕՄի «æաւախք» յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեան:
Յիշեցնենք, թէ æաւախքը պատմական Մեծ Հայքի թագաւորութեան հիւսիսային կողմը գտնուող Գուգարք աշխարհի ինը գաւառներէն մէկն է, որ հարուստ է բազմաթիւ պատմական յուշարձաններով: Այնտեղ մինչեւ օրս կ՛ապրին մեծ թիւով հայեր եւ պահպանուած են հազարամեակներ առաջ թուագրուած դամբարանաքարեր, վիշապաքարեր, միջնադարեան պաշտամունքային յուշակոթողներ, խաչքարեր, եկեղեցիներ եւ պատմական այլ շինութիւններ:
æաւախքահայութիւնը դժուար օրեր կը դիմագրաւէ եւ մեր օժանդակութեան կարիքը ունի՝ ըլլայ նիւթական, մարդասիրական, գրենական պիտոյքներու, դեղորայքի թէ հագուստեղէնի, որոնց համար ալ այսպիսի հանգանակութիւններ անյետաձգելիօրէն էական են:
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին՝ իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլէնտէյլ քաղաքին մէջ: Ան 26 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ չորս նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1200 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, Հոգեբանական կեդրոն, եւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական զանազան ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի
www.arswestusa.org կայքէջը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին: