ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Վահէ Եագուպեան, որ ներկայիս Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ է, արժանացած է «Ինթել» ընկերութեան «Գիտական տաղանդի փնտռտուքի նախաձեռնութեան» մրցանակին, որ կը հանդիսանայ նախահամալսարանական կարեւորագոյն գիտական մրցանքներէն մէկը։
Մրցանքին մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու տարածքէն 512 երկրորդական վարժարաններէ աւելի քան 1800 աշակերտներ, որոնցմէ 133ը մրցանակներու արժանացած է։
Վահէն ներկայացուցած էր՝ «Ուտելիքներու մաղձաճարպի (քոլեսթերոլ) քանակի նուազեցումը նորարար ոճով՝ զանոնք վերածելով «Տի.» կենսանիւթի» աշխատասիրութիւնը։
Վահէն որդին է տոքթ. եւ տիկին Ստեփան եւ Մարօ Եագուպեաններուն եւ թոռնիկը՝ տոքթ. եւ տիկին Վահէ եւ Սոնա Եագուպեաններուն ու տոքթ. եւ տիկին Վարդգէս եւ Մարի Նաճարեաններուն: