ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 28 Յունուարին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին գծով տեղի ունեցած խորհրդակցութեան որպէս շարունակութիւն, Ուրբաթ, 29 Յունուար 2016ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումը, մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Հալէպի թեմի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Պետրոս արք. Մրէաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վերպատուելի Յարութիւն Սելիմեանի:
Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեակ պահեց հոգեւոր առաջնորդները օր մը առաջ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպման քննարկումներուն մասին: Ան ողջունեց սուրիական տագնապի տարիներուն Սուրիոյ հայութեան ցուցաբերած միասնական ոգին եւ միասին խորհրդակցելու ու աշխատելու յանձնառութիւնը: Կաթողիկոսը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան իրենց նիւթական աջակցութիւնը կատարած բոլոր կազմակերպութիւններուն ու հայորդիներուն: Վեհափառըը շեշտեց Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնումի առաջնորդող նոր ծրագիրներու մշակման անհրաժեշտութիւնը:
Հոգեւոր առաջնորդները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ անցնող տարիներուն ընթացքին միշտ զօրակից դարձած է Սուրիոյ հայութեան՝ բոլոր շրջաններէն ներս, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեցին օժանդակ հանդիսացած բոլոր հայորդիներուն: Ապա, անոնք իրենց տեսակէտները պարզեցին վերականգնումի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն գծով:
«Այս հանդիպումին վերահաստատեցինք մեր միասնակամ համայնք ըլլալու իրողութիւնը, որովհետեւ միասնաբար գործեցինք՝ մեր հետ ունենալով համայնքային բոլոր կառոյցները եւ պիտի շարունակենք նո՛յն ոգիով մեր կարելին ի գործ դնել՝ յօգուտ մեր համայնքի տագնապահար զաւակներուն: Կո՛չ կ՛ուղղենք սուրիահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որպէս լիիրաւ սուրիացի քաղաքացիներ, հաւատարիմ մնալու ասպնջական Սուրիոյ, աննկուն կամքով շարունակելու մեր հաւաքական երթը, մաղթելով որ խաղաղութիւնը շուտով վերահաստատուի, իսկ մեր ժողովուրդը վերադառնայ եւ վերականգնէ իր հոգեւոր ու ազգային ժառանգութիւնը», կը յայտնեն Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդները, խորհրդակցութեանց աւարտին իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: