ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միութեան վիճակին մասին տարեկան ելոյթին մէջ, նախագահ Պարաք Օպամա Յունուար 12ին, ընդհանրապէս լաւատես ճառախօսութեան մը ընթացքին քննադատեց բոլոր անոնք, որոնք «Իսլամական պետութեան» ահաբեկչութեան տեղի տալով՝ հակաիսլամ քարոզչութիւն կը կատարեն, վնաս հասցնելով ամերիկեան արժէքներուն։ Օպամայի գլխաւոր թիրախը հանրապետականներու նախագահական գլխաւոր թեկնածու Տանըլտ Թրամփն էր, որուն անունը չնշուեցաւ ելոյթին ընթացքին։
Օպամա նաեւ կոչ ըրաւ օրէնսդիրներուն, որ երկրի քաղաքական մթնոլորտը բարելաւելու համար վերջ տան միջկուսակցական վէճերուն, որոնք կ՛անդամալուծեն կառավարութիւնը։ Ան խստօրէն դատապարտեց անհանդուրժողութիւնը՝ ցաւ յայտնելով, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ցարդ չէ կրցած երկրին քաղաքական մթնոլորտը բարելաւել, մինչ կուսակցութեանց միջեւ լարուածութիւնը աւելի սրած է։
Օպամա անհիմն համարեց այն պնդումները, թէ երկրին տնտեսութիւնը նահանջի մէջ է՝ լուսարձակի տակ առնելով իր պաշտօնավարութեան օրերուն արձանագրուած տնտեսական իրագործումները։
Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը, անդրադառնալով Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական ղեկավարութեան կողմէ՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ կնքուած համաձայնագիրին իրականացումը խանգարող օրինագիծը օրակարգի վրայ բերուելու որոշումին՝ յայտարարեց, որ Օպամա մտադիր է վեթոյի ենթարկելու զայն: