(Ծնեալ՝ Օգոս. 21, 1958ին, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Գէորգ Անթունեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Յունուար 6, 2016ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Եկեղեցւոյ մէջ, 1510 E. Mountain St., Glendale, CA 91207, ապա թաղումը՝ Forest Lawn Hollywood Hills գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Զեփիւռ Անթունեան եւ դուստրերը՝ Անճելա եւ Ալինա
Քոյրը՝ Ռօզ եւ Մանսուր Տիպ
Քրոջ դուստրը՝ Ալին եւ Ֆետի Թաննուս եւ զաւակները՝ Էմին եւ Էլէն
Եղբայրը՝ Վարդիվար եւ Պայծար Անթունեան եւ դուստրը՝ Անժելա
Եղբօր դուստրը՝ Անի եւ Արսէն Տէրտէրեան եւ զաւակները՝ Նաթալի եւ Ճուլիանա
Քոյրը՝ Աննա Ֆրէնճի եւ դուստրը՝ Ռօզին
Եղբայրը՝ Մանուէլ եւ Եւգինէ Անթունեան եւ զաւակները՝ Փիեռ եւ Րաֆֆի
Քոյրը՝ Մարիժան Անթունեան
Եղբայրը՝ Անդրանիկ Անթունեան եւ զաւակները՝ Անթոն եւ Քրիստափոր
Եւ համայն Անթունեան, Տիպ, Թաննուս եւ Տէրտէրեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.: