ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Սկիզբէն իսկ ըսենք, որ խնդիրներ լուծող Մովսէսի գաւազան ակնկալողներու շարքին չենք: Տխուր եւ չոր իրականութիւնը այն է, որ հարցերը իրենց լուծումին առաջնորդող գործընթացները կը պակսին:
Մեր ակնարկութիւնը չի վերաբերիր համաշխարհային քաղաքական կացութեան, ուր չի յարգուիր նոյնիսկ անտառի օրէնքը: Մենք, իբրեւ պետութիւն (Հայաստան) եւ ժողովուրդ (հայութիւն), լաւագոյն պարագային կրնանք մտածել այս խութերուն եւ խարակներուն մէջէն նուազագոյն վտանգներով նաւարկելու մասին: Ոչ աւելին: Կը հաւնի՞նք այս կացութիւնը, չե՞նք հաւնիր. նշանակութիւն չունի: Իրականութիւնը այս է:
Մեր մտահոգութիւնը կ՛առնչուի հայկական իրականութեան, որ թէ՛ ուղղահայեաց (աշխարհագրական) եւ թէ հորիզանական (գաղափարական) իմաստներով բազմաշերտ է. հետեւաբար նաեւ՝ բարդ:
Հայաստանի կապակցութեամբ, հանրայայտ ճշմարտութիւն է այն վտանգը, որ արտագաղթն է: Ճիշդ է, որ նախկին Խորհրդային Միութեան ու անոր ազդեցութեան գօտի Արեւելեան Եւրոպայի շատ մը երկիրներ եւս կը դիմագրաւեն արտագաղթի երեւոյթը: Պալթեան երկիրներուն պարագային, ըստ ամերիկացի տնտեսագէտ Մայքըլ Հատսընի տուեալներուն, արտագաղթած է այդ երկիրներու աշխատուժին 40 տոկոսը: Քոսովոյի մէջ (ՆԱԹՕի օդուժին «շնորհիւ» ստեղծուած այդ կեղծ պետութիւնը), ըստ քաղաքական մեկնաբան Տան Կը Լէյզպրուքի տուեալներուն (Counterpunch.org, 6 Յունուար 2016), 2014ի Դեկտեմբերէն մինչեւ 2015 Փետրուար երկարող 3 ամիսներուն, արտագաղթած է… բնակչութեան 5 տոկոսը:
Ըստ հրապարակուած վիճակագրական տուեալներուն, վերջին 15- 20 տարիներուն, Հայաստանէն արտագաղթած է մօտաւորապէս մէկ միլիոն հոգի: Այս երեւոյթը դժբախտաբար միայն տնտեսական դրդապատճառներ չունի: Կան նաեւ ենթակայական պատճառներ, որոնցմէ ամենահիմնականը՝ հեռանկարի բացակայութիւնն է: Մինչեւ վերջին քանի մը տարիները, մարդիկ կ՛արտագաղթէին տնտեսական դրդապատճառներով, աւելի բարեկեցիկ կեանքի, աշխատանքի փնտռտուքով: Հիմա սակայն կայ աւելի մտահոգիչը. կ՛արտագաղթեն նաեւ գէշ աղէկ բարեկեցիկ ընտանիքներ եւս, որովհետեւ երկրի ներքին քաղաքական ու ընկերային – տնտեսական համակարգը յոյս չի ներշնչեր ապագային նկատմամբ: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ (օրինակի համար), որ յանկարծ Սպանիոյ մէջ ստեղծուեցաւ հայկական համայնք, որուն թիւը կը հաշուէ մօտաւորապէս 40 հազար հոգի…
Լուծումը կապուած չէ միայն օրէնքներու բարելաւումին: Արտագաղթի հարցը կարելի չէ լուծել խորհրդարանական կամ գործադիր իշխանութեան այս կամ այն որոշումով միայն: Այդ որոշումները կրնան անհրաժեշտ ըլլալ, սակայն անբաւարար են: Հիմնականը դրական մթնոլորտի ստեղծումն է երկրի մը մէջ, որ զուրկ է տնտեսական անկիւնադարձային բարեշրջումներ յառաջացնելու ատակ բնական պաշարներէ: Քաղաքացին կը փնտռէ իշխանութիւն մը, որ սրտցաւ մօտեցում ունենայ երկրի ներքին հարցերու լուծման կապակցութեամբ: Կ՛ակնկալէ ունենալ իշխանութիւն մը, որ ակներեւ ճիգ թափէ երկրի տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական համակարգի բարելաւումին ուղղութեամբ:
Ըսել չենք ուզեր, որ դրական երեւոյթներ չկան: Բնականաբար կան, սակայն պակսողը այն մթնոլորտն է, որ կրնայ ստեղծուիլ բարեշրջումի միտող ճիգերէն՝ նոյնիսկ եթէ այդ ճիգերը անմիջականօրէն անկիւնադարձային արդիւնքներ չտան: Կարեւորը այդ համապետական ճիգի գոյութիւնն է. աւելի ճիշդ՝ ստեղծումը:
Տրուած ըլլալով, որ արտագաղթը համահայկական տարողութեամբ չարիք է, անոր պէտք է վերաբերիլ համահայկական մտածողութեան վրայ հիմնուած մօտեցումով:
Եթէ պահ մը մէկդի դնենք զուտ աշխարհագրական դրուածքը եւ համահայկական իրականութեան նայինք հորիզոնական (գաղափարական կամ ենթակայական) կտրուածքով, պիտի տեսնենք, որ տեղայնական մտածողութիւնը նոյնքան աւերիչ է: Այսինքն իրավիճակ մը, ուր իւրաքանչիւր «համայնք» կ՛առաջնորդուի միայն ինք իր իւղով տապկուելու քանդիչ եւ անհեռանկար մտահոգութեամբ: Մտածողութիւն մը, որ արդիւնք է համահայկական մօտեցումի բացակայութեան: Իսկ համահայկական մօտեցումը կամ մտածողութիւնը առաջին հերթին անհրաժեշտ է, որ ճառագայթէ հայկական պետութենէն: Պետական մակարդակի վրայ, այս մօտեցումին միայն նշոյլները կան: Իսկ այդ նշոյլները չեն կրնար դրական տեղաշարժ ստեղծել, այնքան ատեն, որ համահայկական մտածողութիւնը տիրական չէ դարձած:
Համահայկական մտածողութիւնը համապատասխան գաղափարական խորք ու հիմք կ՛ենթադրէ: Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ գործող քանի՞ կուսակցութիւն կայ, որ կ՛առաջնորդուի համահայկական շրջագիծ ընդգրկող գաղափարականով: Պատասխան. այս յօդուածագրին կարծիքով՝ միայն մէկը. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (*): Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ գոյութիւն ունեցող կազմակերպութիւններէն ո՛չ ՀՀԿն, ո՛չ Բարգաւաճ Հայաստանը եւ ո՛չ ալ «Ժառանգութիւնը» հեռուէն կամ մօտէն կուսակցութիւն են բառին գաղափարական եւ կազմակերպչական – կառուցային իմաստով: Նեղացողները թող նեղանան, բայց իրականութիւնը այս է:
Հետեւաբար, համահայկական հարցերու լուծումին մէջ դրական ներդրում կրնան ունենալ միայն այն հոսանքներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք ունին (առաջին հերթին) համապատասխան գաղափարաբանութիւն:
Այս պատճառով ալ, առաջին ակնարկով (բայց միայն առաջին ակնարկով), ՀՅԴի ուսերուն ինկած պատասխանատուութեան չափն ու տարողութիւնը անհամեմատ մեծ են իր գործնական կարելիութիւններէն: Սակայն պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ Դաշնակցութիւնը յաջողած է հո՛ն, երբ անհրաժեշտութեան պարագային չկոխուած, չբացուած ճամբաներէ առաջնորդած է մեր ժողովուրդը:
Այնպէս որ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, շատ հաւանաբար (կամ վստահաբար), կրնայ չունենալ հայութեան բոլոր հարցերը լուծելու կարողութիւնը: Սակայն իր մէջ ունի՛ այն ուժը, որ կարենայ լուծումի գործընթաց մը ստեղծել: Միայն կը մնայ ճիշդ գիտակցիլ այդ ուժին գոյութեան, որպէսզի նոր տարին կարենայ նոր յոյսեր ներշնչել բոլորիս:
(*)ՌԱԿն ու ՍԴՀԿը թող չնեղուին. իբրեւ դաշնակցական, հոս հարցականի տակ չենք դներ իրենց գաղափարական դրուածքը կամ ուղղութիւնը: Բայց իրականութիւնը այն է, որ երկուքն ալ նկատառելի ոչ մէկ դերակատարութիւն ունին Հայաստանի ներքաղաքական դաշտին վրայ: Պէ՞տք է ունենան, կասկած չկայ: Բայց չունին:
vproodian@gmail.com
Bravo Vatche, abres.
Vache it was so interesting to read yr article you
are right the only way to solve the problems u
mentioned will be Tachnagtsoutyoun !!