ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման հաստատ նպատակադրում ունին. Դեկտեմբեր 21ին այսպէս յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճան Քըրպի՝ պատասխանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Դեկտեմբեր 19ին կայացած հանդիպման մասին հարցումի մը:
Քըրպի ըսած է. «Այդ գագաթնաժողովը երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ այս տարուան առաջինն էր, եւ անիկա առիթ տուաւ հանդիպելու դէմ առ դէմ եւ յստակացնելու դիրքորոշումները։ Նախագահները ընդունեցին, որ կացութիւնը վատթարացած է»:
Քըրպի նշած է, որ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը կեդրոնացած է խաղաղ բնակչութեան շարքերուն արձանագրուող զոհերու թիւին կրճատման ջանքերուն վրայ: Ան շեշտած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին մէջ, Ամերիկա, Ռուսիա եւ Ֆրանսա իրենց գործընկերներուն հետ կը շարունակեն քննարկել լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ զինադադարը պարտադրելու բոլոր միջոցառումները:
Քըրպի նաեւ ընդգծած է ժողովուրդներուն միջեւ կապերը զարգացնելու կարեւորութիւնը, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի համայնքներուն միջեւ՝ ըսելով. «Այն մարդիկը, որոնք սերունդէ սերունդ ապրած են կողք կողքի, այժմ պէտք է վերստին վստահին իրարու»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.