ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 22 Դեկտեմբերին նախագահած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնած են, որ նիստի օրակարգին վրայ ներառուած էին ղարաբաղեան–ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հեռուստամարաթոն 2015ին, անոր արդիւնքներուն ու իրականացուելիք նախաձեռնութիւններուն վերաբերող հարցերը: Զեկոյցներով հանդէս եկած են պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան եւ վարչապետ Արա Յարութիւնեան:
Քննարկուած հարցերուն վերաբերեալ յստակ յանձնարարականներ տուած է նախագահ Սահակեան՝ աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.