ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Հայկական Կարմիր Խաչը եւ «Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէ»ի պատուիրակութիւնը Տաւուշի մարզի սահմանամերձ 15 շրջաններու մէջ կազմակերպած են հակառակորդի ռմբակոծումէն եւ պայթուցիկ սարքերէ պաշտպանուելու վերաբերող դասընթացքներ:
Դեկտեմբեր 10ին սահմանամերձ Կոթիի դպրոցի 9-12րդ դասարաններու աշակերտները մատչելի կերպով ծանօթացած են ռմբակոծումի ընթացքին պաշտպանուելու ձեւերուն: Դպրոցին ուսուցիչները եւ աշակերտները ըսած են, թէ շատ կարեւոր է դասընթացը, քանի որ հակառակորդին կրակոցները յաճախակի են։
Նման վտանգ դիմագրաւող Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերուն՝ Ոսկեպարի, Ոսկեւանի, Բաղանիսի եւ այլ շրջաններու դպրոցներուն մէջ, , «Կարմիր Խա»չի հովանաւորութեամբ, կառուցուած են ապահով սենեակներ՝ կրակոցներու ժամանակ պատսպարուելու համար:
Ոսկեպարի միջնակարգ դպրոցի շէնքը 90ականներու իրադարձութիւններու ականտեսը եւ վկան է: «Ինքս այդ տարիներից աշխատել եմ դպրոցում, եւ այդ տարիներից հնարաւորութեան սահմաններում կազմակերպել ենք պաշտպանութիւնը: Վերջապէս այս տարի մեր գիւղապետարանի միջամտութեամբ «Կարմիր Խաչ»ի Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչներն ընդառաջեցին մեզ, ապահովեցին համեմատաբար անվտանգ անկիւն», նշած է Ոսկեպարի գիւղապետ Յարութիւն Ալաւերդեան:
Բաղանիսի դպրոցին մէջ եւս կառուցուած է ապաստանարան: Գիւղապետ Նարեկ Սահակեան կը ծրագրէ զայն ներկել եւ կահաւորել, որպէսզի երեխաներու հոգեբանութեան վրայ վատ ազդեցութիւն չունենայ։
«Ուզում եմ փաստել, որ վերջին մի տարուայ մէջ երկու կարեւոր ծրագիր ենք իրականացրել «Կարմիր խա»չի հետ՝ առանձին թաղամասին ջուր ենք ապահովել եւ դպրոցում ապահով սենեակ ենք կառուցել», ըսած է Նարեկ Սահակեան: Այժմ դպրոցի միայն մէկ հատուածը ջեռուցուած է: Աշակերտներուն թիւը նկատելիօրէն պակսած է: Որոշ աշակերտներ տեղափոխուած են մարզի աւելի ապահով տարածքներ եւ այնտեղ կը շարունակեն ուսումը, ուրիշներ մայրաքաղաք փոխադրուած են:
Կոթիի գիւղապետարանը եւս զերծ չէ մնացած թշնամիի յարձակումէն:
Գիւղապետ Ֆելիքս Մելիքեանշեշտած է, որ հակառակորդը Օգոստոս-Սեպտեմբեր ամիսներուն, տարբեր տեսակի, նաեւ՝ հրետանային զինատեսակներով գիւղը կը ռմբակոծէր: «Դեռեւս Յուլիս ամսուայ սկզբից, երբ տարածքում իրականացւում էր հացահատիկի բերքահաւաք, հակառակորդը կրկին դրսեւորեց ակտիւութիւն, եւ գնդակոծութեան եւ հրետակոծութեան հետեւանքով շուրջ 30 հեկտար հացահատիկի հողատարածք չհնձուեց», նշած է Կոթիի գիւղապետը:
Թէեւ մարդիկ կ՛ապրին ամէն վայրկեան սպասելով թշնամիի յարձակման, բայց ամուր կանգնած են իրենց հողի վրայ: Անոնք կը վստահեցնեն. «Ամէն բան լաւ կը լինի, եթէ լինի խաղաղութիւն»: