ԵՐԵՒԱՆ.– 11 Դեկտեմբերին խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ատեն ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նախ յայտնեց, որ 11 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ կը նշուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125ամեակը. «Պէտք է գնահատուի արուածն ու չարուածը, պէտք է ամփոփուի վերջին 25 տարում Հայաստանի քաղաքական կեանքում կուսակցութեան գործունէութիւնը», հաստատեց ան։
Լրագրողներու խնդրանքով անդրադառնալով 6 Դեկտեմբերի հանրաքուէին՝ Ա. Վարդանեան ընդգծեց, որ իրենք արդէն իսկ արտայայտած են իրենց տեսակէտը, իսկ Դաշնակցութեան հասցէին ուղղուած մեղադրանքներուն առնչութեամբ ան նշեց, որ ինչ ալ ըլլայ որոշ քաղաքական ուժերու համար միակ թիրախը կը շարունակէ մնալ Դաշնակցութիւնը:
«Դաշնակցութիւնը հանրաքուէին մասնակցել է բոլորի նման, յանձնաժողովի ութ անդամներից մէկն է եղել դաշնակցական: Մենք եւս ստացել ենք ահազանգեր, շատ տեղերում հէնց մեր յանձնաժողովի անդամներն ու վստահուած անձինք են կարողացել պահել օրինականութիւնը: Չեմ բացառում, որ եղել են տեղեր, որտեղ կեղծիքներ են եղել. գիւղ չկայ, որ շուն չլինի: Բայց ամբողջ խնդիրն այն է, որ մեր ամբողջ ընտրական համակարգը, ցաւօք, այնպիսին է, որ հնարաւորութիւն չի տալիս որեւէ քաղաքական ուժի կամ քաղաքական ուժերի միաւորման յետընտրական շրջանում ամրագրել ու փաստարկուած ձեւով ապացուցել խախտումների այն ծաւալը, որն իսկապէս կարող է հարցականի տակ դնել ցանկացած ընտրութիւն կամ հանրաքուէ: Որ ընտրակեղծիքներ ու ընտրախախտումներ եղել են, ակնյայտ է, որ մենք այլ աշխարհում ենք ապրում, որտեղ հաղորդակցութեան միջոցները, համացանցը շատ անմիջականօրէն այս ամէնին արձագանգում են, դա եւս ակնյայտ է: Բայց պէտք է դատենք փաստերով», դիտել տուաւ Աղուան Վարդանեան:
Անոր համաձայն՝ հանրաքուէին մասին օրէնքը կը հաստատէ, որ հանրաքուէն կայացած կը նկատուի, եթէ մասնակիցներուն կէսէն աւելին «այո» քուէարկած է: Ներկայիս կայ բողոքներու հիման վրայ վերահաշուարկման ենթակայ մօտ 80 ընտրական կեդրոն: «Եւ եթէ նոյնիսկ տեսականօրէն, համարենք, որ այս 80 տեղամասերից իւրաքանչիւրում 500 ձայն է կեղծուել, կ՛ունենանք 40 հազար ձայն, ստացւում է 440 հազար «ո»չ, եւ 800 հազար «այո»ից հանենք այդ թիւը, կը տեսնենք, որ վերջնական արդիւնքը չի փոխւում», պարզաբանեց Վարդանեան։
Ըստ անոր՝ ասիկա չի նշանակեր, որ խախտումներուն չափը այդքան եղած է, բայց կը նշանակէ, որ, ցաւօք, Հայաստանի ընտրական համակարգը կարելիութիւն չի տար ընտրախախտումներուն ամբողջ տարողութիւնը ապացուցելու եւ փաստերով ազդեցութիւն ունենալու արդիւնքներուն վրայ: «Մենք կը սպասենք բողոքարկման վերջնական արդիւնքներին, եւ եթէ անհրաժեշտ լինի, կը մտածենք՝ մէկ անգամ եւս ամփոփել հանրաքուէի արդիւնքները», ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Ան նշեց, որ փաստացի իրողութիւնը կը ստիպէ յայտնեց, որ հանրաքուէն կայացած է: Աղուան Վարդանեան աւելցուց, որ գրգռուած ու չփաստուած յայտարարութիւններ պիտի ըլլան, բնական է, կարելի չէ խուսափիլ անոնցմէ, բայց պէտք է նաեւ այնքան հաստատակամ ու խոհեմ ըլլալ, որ կարելի ըլլայ դաս քաղել, եւ ոչ թէ միշտ նոյն սխալին մէջ իյնալ։ Այդ առումով, Դաշնակցութիւնը շատ կարեւոր կը նկատէ ընտրական նոր օրէնսգիրքի ընդունումը: Եւ եթէ նախագահը յայտարարեց, որ պատրաստ են թափանցիկութիւնն ու վստահելիութիւնը մեծցնող որեւէ մեքանիզմ քննարկել, ուրեմն պէտք է բռնել այդ խօսքէն ու նոր ընտրական օրէնսգիրք ընդունիլ: Պէտք է ցանկագրել ցարդ յայտնի բոլոր ընտրախախտումները եւ, մէկ առ մէկ քննարկելով, մասնագէտներու մասնակցութեամբ, ապա փորձել իւրաքանիւր դէպքի համար լուծում գտնել:
«Ես իդէալիստ չեմ եւ չեմ համարում, որ մեր յաջորդ ընտրութիւնները իդէալական են լինելու, բայց հնարաւոր է էապէս նուազեցնել ընտրախախտումների մեխանիզմները, եւ քաղաքական ուժերը դրանում մեծ անելիք ունեն: Ես, օրինակ, պատրաստւում եմ հանդիպել բոլոր այն հասարակական կազմակերպութիւնների հետ, որոնք հիմնականում «ո»չի ճամբարից են եւ աշխատում էին այդ ուղղութեամբ: Մենք աշխատելու կողմնակիցն ենք եւ առաջիկայ ամիսներին շատ աշխատանք ունենք անելու: Եւ աշխատանքն է, որ արդիւնք է տալու, իսկ հայհոյելը, չարութիւնն ու թշնամանքը արդիւնք չեն տալիս», հաստատեց Աղուան Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ սահմանային լարուածութեան: Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի կողմէ լարուածութեան սրումը նորութիւն չէ, եւ անիկա առաւել եւս կը սրի Հայաստանի ներքին զարգացումներուն վերաբերող իրադարձութիւններուն առիթով եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպման շեմին։
Աղուան Վարդանեանի կարծիքով՝ Ատրպէյճան ունի մէկ հիմնական հարց՝ ապացուցել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ռազմական ուղիով կարելի է լուծել, մինչ Հայաստանի առաջադրանքը այլ է՝ շատ աւելի կտրուկ արձագանգով խաղաղութեան պահպանումը պարտադրել:
Իսկ այն, թէ ասիկա որքանո՞վ համահունչ է հարցի լուծմամբ զբաղող միջազգային կառոյցներու ուժային կեդրոններու շահերուն, այդ ալ, ըստ Վարդանեանի, խնդիր է՝ գումարած տարածաշրջանային խնդիրներուն, ինչպէս՝ Ռուսիա–Թուրքիա լարուածութիւնը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին ու վարչապետին Ատրպէյճան տուած այցելութիւններն ու անոնց յայտարարութիւնները:
«Մենք այլ ճանապարհ չունենք, մենք պէտք է կարողանանք իսկապէս մեր ներքին համախմբուածութեանը ապաւինել եւ փորձել ներսում ունենալ այնպիսի մթնոլորտ, որը կը դառնայ հիմնական նպատակ: Ցաւօք, մեր ներքին այս առճակատումներն ու ներքին յարաբերութիւնները նաեւ այս առումով են թուլացնում մեր ներքին ներուժն ու հնարաւորութիւնները: Եւ սա դաս պէտք է լինի առաջին հերթին իշխանութեանը, յետոյ՝ միւս բոլոր ուժերին», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.