
ՖՐԵԶՆՕ.- Չարլի Քէյեան Համագաղութային հայ վարժարանի 38րդ տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 14ի երեկոյեան, Ս. Պօղոս Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ «Պէրպէրեան» սրահին մէջ։
Վարժարանի իրագործումները տօնելու նպատակով կազմակերպուած այս ձեռնարկին մասնակիցները վայելեցին «Armenian Public Radio» նուագախումբին կողմէ մատուցուած հայկական ժողովրդային երգերու իւրայատուկ եւ նորարար կատարումներ։
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Ֆրեզնօ գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Հուրի Սենտըրսըն, որ բարի գալուստ մաղթեց աւելի քան 150 ներկաներուն եւ ապա հրաւիրեց վարժարանի ուսանողական խորհուրդը, կատարելու համար Միացեալ Նահանգներու Հաւատարմութեան ուխտը եւ «Մեր Հայրենիք»ը, որմէ ետք Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եսայի քհնյ. Պետրոս կատարեց սեղաններու օրհնութեան աղօթքը։
Ընթրիքէն ետք, վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Մարշըլ Մուշիկեան ներկայացուց հիմնադրութեան 40ամեակի սեմին գտնուղ վարժարանին ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ՝ անոր ձեռք բերած իրագործումներն ու ապագայ ծրագիրները։
«Armenian Public Radio» նուագախումբին կողքին, ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին վարժարանի 6րդ դասարանի աշակերտները, որոնք ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Կիկոսի Մահը» կատակերգութիւնը։
Նաեւ, ցուցադրուեցան 2008էն ի վեր վարժարանէն ներս իրագործուած բարեզարդման աշխատանքներու լուսանկարները։
Այս տարուան ձեռնարկին, վարժարանը մեծարեց Կրէյս Քազարեանը, գնահատելու համար Արմէնա, Մարկրիթ եւ Կրէյս Քազարեան ընտանիքի անուան հիմնարկին ցուցաբերած զօրակցութիւնը վարժարանին, որ կատարուած էր իրենց մօր՝ Աղաւնի Քազարեանի յիշատակին:
Այս առիթով նաեւ, վարժարանի տիկնանց յանձնախումբը եւ «Ռիչ Ֆոր Սթարզ» ծրագիրը միասնաբար 30,000 տոլար յանձնեցին վարժարանին։ Գումարը գլխաւորաբար գոյացած էր Ռան եւ Պարպարա Մորթանեաններուն նախաձեռնած եւ վարժարանին ի նպաստ իրականացուած դրամահաւաքի ձեռնարկներուն ընթացքին։
Սրահին մէջ ցուցադրուած էր իւրաքանչիւր դասարանին կողմէ պատրաստուած արուեստի գործեր, որոնք նուիրուած էին Հայ մշակոյթի ամսուան։ Ստեղծագործութիւնները աւելի ուշ աճուրդով ծախուեցան ներկաներուն։
Աւարտին, տնօրէնուհի Զարուհի Տէր Մկրտիչեան բեմ բարձրանալով ներկայացուց վարժարանի անձնակազմը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց ծնողներուն ու նուիրատուներուն, որոնք կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ վարժարանին։
Ձեռնարկի փակման խօսքերը կատարեցին դատաւոր Հուրի Սենտըրսըն եւ Եսայի քհնյ. Պետրոս, շնորհակալութիւն յայտնելով վարժարանին նեցուկ կանգնողներուն, միաժամանակ՝ շեշտելով վարժարանի գոյութեան կարեւորութիւնը Ֆրեզնոյի համայնքին համար։
