Չորեքշաբթի, Դեկտեմբերի 9ի կէսօրին, «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Ախալքալաքի մշակոյթի տան դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս:
Ցուցահանդէսի նկարներուն մէջ ներկայացուած էին Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած հայ ժողովուրդի նկարները եւ այդ ոճրագործութիւնը դատապարտող խորագիրներով պաստառներ, իսկ ցուցահանդէսի հերթապահ երիտասարդները այցելուներուն ներկայացուցին ցուցահանդէսի նպատակը եւ Դեկտեմբերի 9ին զայն կայացնելուն պատճառը. «1948ին՝ այս օրը, ՄԱԿը ընդունեց ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ զայն պատժելու մասին պայմագրութիւն, որ ինքնին կը ներկայացնէ, միջազգային իրաւունքի տեսակէտեն, ցեղասպանութիւնը բնորոշող, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւնը կանխող եւ անոր համար պատիժ սահմանող փաստաթուղ»չ:
Այնուհետեւ ցուցահանդէսի կազմակերպիչները եւ մասնակիցները մասնակցեցան Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աղօթքին եւ մոմավառութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.