
Իլոնան երիտասարդ աղջիկ մըն էր, երբ 1988ին Պաքուի մէջ հակահայ հալածանքներն ու բռնի տեղահանութիւնները սկսան։ Իր ծնողքին եւ քրոջ հետ, Իլոնան կը փախչի Հայաստան եւ ապաստան կը գտնէ Երեւանի մէջ, մազապուրծ փրկուելով ատրպէյճանական վոհմակներու յարձակումներէն։ Քանի մը տարի ետք, Իլոնայի քոյրը կ՛ամուսնանայ Երեւանի մէջ ուսանող սուրիահայ երիտասարդի մը հետ եւ կը տեղափոխուի Հալէպ։
Քրոջը առաջին ծննդաբերութեան առիթով, Իլոնան Հալէպ կ՛այցելէ եւ հոն կը ծանօթանայ Յովսէփ Թովմասեանին։ Կարճ ժամանակ մը ետք կ՛ամուսնանայ անոր հետ եւ միասին կը մեկնին Քոպանի, ուր Յովսէփ ինքնաշարժներու նորոգութեան արհեստանոց մը ունէր։ Բոլորդ կը յիշէք Քոպանին, Թուրքիոյ սահմանին գտնուող սուրիական քրտաբնակ այդ քաղաքը։ Այդ օրերուն Քոպանին խաղաղ էր, եւ Իլոնան կը վարժուի իր նոր կեանքին ու կ՛ունենայ երեք երեխայ՝ երկու մանչ եւ մէկ դուստր։ Տարիներ ետք, երբ Սուրիոյ հարցերը կը սկսին, Յովսէփի երկու եղբայրները իրենց ընտանիքներով կը փախչին Հալէպէն եւ կ՛ապաստանին Քոպանի, Յովսէփի եւ Իլոնայի մօտ, յուսալով, որ կարճ ժամանակ մը ետք պատերազմը պիտի վերջանայ եւ բոլորը պիտի վերադառնան իրենց բնակավայրերը։
Իլոնայի երկու զաւակները՝ Յակոբն ու Վարդուհին, փայլուն աշակերտներ էին եւ պէտք է մեկնէին Հալէպ՝ պետական քննութիւններուն մասնակցելու։ Հակառակ անոր, որ բոլորը դէմ էին երեխաներու Հալէպ մեկնումին, Իլոնան կարեւոր համարելով քննութիւնները՝ երեխաները Քոպանիի միւս աշակերտներուն հետ միասին կ՛ուղարկէ Հալէպ։ Վերադարձի ճանապարհին, «Իսլամական պետութեան» զինեալները անակնկալ կը կանգնեցնեն աշակերտներու հանրակառքը եւ կ՛առեւանգեն զանոնք, անոնց աչքերուն առջեւ կը գլխատեն անգլերէնի դասատուն, ապա տղաները կ՛առանձնացնեն աղջիկներէն։ Իլոնայի մեծ տղան՝ Յակոբը, կը յաջողի փախչիլ Հալէպ եւ անկէ՝ Պէյրութ։ Զինեալները Իլոնայի աղջիկը՝ Վարդուհին, կը տեղաւորեն իրենց ենթակայ ընտանիքի մը մօտ։ Վարդուհին չի բացայայտեր իր հայ ինքնութիւնը եւ իսլամական օրէնքներով կ՛ապրի այդ ընտանիքին հետ, ծպտուած իբրեւ քիւրտ։ 8 ամիս անց, զինեալները յանկարծ կ՛որոշեն ազատ արձակել պատանդերը եւ Վարդուհին կը վերադառնայ Քոպանի, իր ընտանիքին մօտ։
2014 Սեպտեմբերին, «Իսլամական պետութեան» զինեալները անակնկալ յարձակումով կը մտնեն Քոպանի։ Իլոնան եւ Թովմասեան ընտանիքի միւս անդամները, Քոպանիի վերջին հայ բնակիչները, քիւրտերուն հետ միասին խուճապահար կը հատեն Թուրքիոյ սահմանը եւ Սուրուճ քաղաքը հասնելով՝ կ՛ընդունուին իբրեւ փախստական-գաղթականներ։ Սկիզբը կ՛ապրին հանրային վարժարանի մը մէջ, ապա գաղթակայանի մը մէջ վրան կը տրամադրուի իրենց։ Մայիսին, Քոպանին կ՛ազատագրուի քրտական ուժերուն կողմէ։ Յովսէփն ու իր կրտսեր որդին՝ 14 տարեկան Արամը, կը վերադառնան տուն, որպէսզի ստուգեն իրենց բնակարանին եւ արհեստանոցին վիճակը ու տունդարձի հիմնական պատրաստութեամբ զբաղին։ Երեկոյեան, Յովսէփ շուկայ կ՛երթայ գնումներ ընելու, եւ կը պատահի անսպասելին։ «Իսլամական պետութեան» զինեալները, քրտական համազգեստներ հագած՝ վրէժխնդրական յարձակում մը կատարելով կը կրակեն շուկայ եկած մարդոց վրայ։ Արամ կրակոցները լսելով կը վազէ դէպի շուկայ եւ ճամբան կը տեսնէ հայրը՝ գետին ինկած, արիւնլուայ վիճակի մէջ… «Փախչեցէ՛ք այս երկրէն»ը կ՛ըլլայ իր տղուն տուած Յովսէփի վերջին պատգամը։
Իլոնայնին, Արամին եւ Թովմասեան ընտանիքի միւս անդամներուն ծանօթացայ Երեւանի մէջ։ Այս մասին՝ յաջորդ նամակով։
Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com
Ծանօթ.- Րաֆֆի Տուտագլեանի սիւնակը սովորաբար լոյս կը տեսնէ Չորեքշաբթի օրերը։ Այս շաբաթ բացառաբար լոյս կը տեսնէ Շաբաթ օր: