
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութիւնը Նոյեմբեր 11ին տեղեկացուց, որ խորհրդակցութիւններու սկսած է Կլենտէյլի քաղաքապետարանին հետ, քաղաքի «Սիվիք Օտիթորիըմ»ին կից եւ Հանրային քոլեճին դիմաց՝ Վըրտուկօ եւ Մաունթըն պողոտաներու խաչմերուկի անկիւնը գտնուող 1.7 արտավար (էյքըր) տարածքը նշեալ ծրագիրին համար երկարատեւ վարձքով օգտագործելու վերաբերեալ:
«Շատ շինիչ հանդիպում մը ունեցանք քաղաքապետ Արա Նաճարեանի եւ քաղաքի վարիչ Սքաթ Օչօայի հետ, թանգարանի կառուցման ծրագիրին եւ հողաատարածքի վարձակալութեան կապակցութեամբ», կը յայտնէ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետն է։
«Երախտապարտ ենք քաղաքապետ Արա Նաճարեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի միւս անդամներուն, որոնք կը քաջալերեն այս ծրագիրը եւ ուղղութիւններ կու տան այս ծրագիրին համար, որուն նպատակն է մշակութային բազմազանութիւնը արժեւորել եւ դէմ դնել նախապաշարումներու», իր կարգին կ՛աւելցնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ նաեւ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետն է։
Ամերիկահայութեան թանգարանի ծրագիրի իրականացման նպատակով կազմուած յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ թանգարանի համացանցային կայքի բացայայտման օրը՝ Նոյեմբեր 6ին, եւ յաջորդ օրը, այդ կայքը այցելած է աւելի քան 500 հոգի։ «Ամերիկահայութեան փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու ճամբով փոխադարձ ըմբռնումը քաջալերել եւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային ու մշակութային բազմազանութիւնը լուսարձակի տակ առնել միտող այս թանգարանի ծրագիրին նկատմամբ սաստիկ հետաքրքրութիւնը ակնյայտ է», կը յայտնէ վերոյիշեալ յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան։
Անցեալ շաբաթ այդ ծրագիրի խորհրդանիշն ու համացանցային կայքը բացայայտած Ամերիկահայութեան թանգարանը յառաջիկայ շաբաթներուն իր ներկայութիւնը պիտի հաստատէ նաեւ համացանցային ընկերային ցանցերուն վրայ ու հանրային հաւաքներ պիտի կազմակերպէ, ծրագիրը համայնքի կազմակերպութեանց ծանօթացնելու եւ անոր իրականացման համար ներդրումներ ապահովելու նպատակով։
Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական ինը կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը։
Ամերիկահայութեան թանգարանի համացանցային կայքի հասցէն է՝