ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13ին, Արեւմտեան Ամերիկայի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ մասնայատուկ համագումար մը, թեմէն ներս ծառայող բոլոր հոգեւորականներու մասնակցութեամբ:
Ժողովի օրակարգի նիւթերը նախապէս մշակուած էին՝ Արեւմտեան թեմի հաստատման 90ամեակին առիթով, յատկապէս կեդրոնանալով Հայ եկեղեցւոյ եկեղեցական, հովուական, բարոյական, ընկերային եւ աստուածաբանական բովանդակութեան եւ առաքելութեան վրայ: Թեմը պաշտօնապէս հաստատուած է 1898ին՝ որպէս թեմական մեծ կառոյց (Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ Հարաւային Ամերիկա) եւ ապա՝ 1927ին, բաժնուած է անկախ երեք թեմական կառոյցներու:
Այս հեռանկարով, աշխատանքային ընդհանուր ծիրէն ներս, ծրագրուեցաւ նոր մղում տալ քրիստոնէական կեանքի զարգացումին եւ խորացումին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ աւետարանչական առաքելութան: Այս ընդհանուր մերձեցումով եւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի խորհուրդով ու առաջարկով, ժողովականները, իբր աշխատանքային հիմնական նպատակ, որդեգրեցին հետեւեալ առաջադրանքը.
– Արեւմտեան թեմէն ներս աւելի զարգացնել, զօրացնել եւ խորացնել հաւատացեալներու կրօնական արթնութիւնը եւ անոնց քրիստոնէական կեանքին տալ ներքին թէ արտաքին գիտակից շարժում՝ «Դէպի Հաւատքի Լոյս» բնաբանով:
Հիմնական այս մտահոգութեամբ, առաջարկուեցան եւ մշակուեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բովանդակութեան եւ անոր հոգեւոր-կրօնական ու հովուական առաքելութեան մասին ուրուագծային հակիրճ նիւթեր, որոնք հանգամանալից բովանդակութեամբ պիտի ներկայացուին Փետրուար 2-3, 2016ի թեմական երկօրեայ խորհրդաժողովին, հետապնդելու համար որդեգրուած կրօնական-եկեղեցական յատուկ նպատակը: