ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3ի կէսօրին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Կրաունտ Զիրօ»ին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան վնասուց հատուցման նուիրուած քննարկում մը՝ «Ցեղասպանութենէն տասնամեակներ ետք արդարութեան կարելի՞ է հասնիլ» խորագիրին տակ։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին կողմէ, իսկ քննարկումին պիտի մասնակցին դատախազ Նիքլըս Քումճեան եւ դոկտ. Հանա Կերի։
Նիքլըս Քումճեան քրէական միջազգային օրէնքներու մասնագէտ մըն է եւ ներկայիս համադատախազն է «Խմեր Ռուժ»ի իրագործած ցեղասպանութեան գծով՝ Քամպոտիոյ մէջ հաստատուած ՄԱԿի միջազգային ատեանին։
Դոկտ. Հանա Կերի վարիչն է հիւրընկալ համալսարանի «Կուլտ» իրաւաբանական բաժանմունքի Միջազգային մարդկային իրաւանց կեդրոնին, եւ իրաւաբանութեան դասախօս է նոյն համալսարանէն ներս։
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ ճաշ պիտի հրամցուի։ Քննարկումին ուղղակի կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ՝ http://tinyurl.com/Nicholas-Koumjian կայքէջէն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (213) 821-3943 թիւին: