ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիան կը կրկնէ հարիւրամեայ արարքները՝ արտառոց պարզութեամբ: Անգարան բոլորին աչքին դիմաց կ՛աջակցի «Իսլամական պետութեան» մարդասպաններուն: Այս հաստատումը կատարուած է իտալական Feltrinelli հրատարակչատան կողմէ նոր լոյս տեսած «Լռութե ան 100 Տարի. Վերջին Ականատեսներու Բացառիկ Պատմութիւնները» գիրքի նախաբանին մէջ:
Հրատարակչատան կայքին վրայ զետեղուած է գիրքին նախաբանը, ուր կ՛ըսուի. «Այդ Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք Երեւանէն այդ մասին կը պատմեն ողբերգութենէն վերապրածները: Թուրքիան մինչեւ օրս կը հրաժարի զայն ճանչնալէ: Այդ բացառիկ եւ արտառոց վկայութիւններէն բացի, գիրքին մէջ զուգահեռներ կը կատարուին Մերձաւոր Արեւելքի իրողութիւններուն հետ, երբ Անգարայի կառավարութիւնը մինչեւ օրս դաժան քաղաքականութիւն կը վարէ, կը ֆինանսաւորէ «Իսլամական պետութիւն»ը: Անցեալի սպանութիւնները արտառոց պարզութեամբ կը կրկնուին: Թրքական պետութեան վերնախաւը բոլորին աչքին դիմաց կը ֆինանսաւորէ եւ կ՛աջակցի այնպիսի մարդասպաններու, որոնք կը սպաննեն Հալէպի հայերը եւ Սուրիոյ այլ բնակիչները:
Այս գիրքը պէտք է կարդալ՝ չմոռնալու եւ, առաջին հերթին, չկրկնելու նոյն այդ սխալները»: