ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 6 Օգոստոսի առաւօտեան, շուրջ 50 ուխտաւորներ Ուրուկուէյէն այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը: Անոնք հիացումով դիտեցին վերանորոգուած ու պայծառակերպուած վանքը եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, Նահատակաց խորանը եւ այլ կառոյցներ:
Ապա, ուխտաւորները այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ուխտաւորներուն ուղղած իր հայրապետական խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը նախ յիշեցուց 1983ին իր միօրեայ այցելութիւնը Ուրուկուէյ եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ուրուկուէյի գաղութին ունեցած հաւատարմութեան մասին՝ հայկական արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն նկատմամբ:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայ Դատի գծով Ուրուկուէյի պետութեան զօրակցութեան: «Չմոռնանք, որ Ուրուկուէյ առաջին պետութիւնը եղաւ պաշտօնապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող», յիշեցուց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ապա, ուխտաւորները այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք եւ մօտէն ծանօթացան մայրավանքի զանազան բաժանմունքներուն՝ յատկապէս Նահատակաց մատրան եւ «Կիլիկիա» թանգարանին:
Յայտնենք, որ օր մը առաջ ուխտաւորները այցելած էին «Թռչնոց Բոյն»ի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը եւ յուզումով դիտած ու նշմարած էին ուխտաւորներէն ոմանց մեծ հայրերու նկարները, որոնք «Թռչ-նոց Բոյն»ի որբեր եղած էին:
Ուրուկուէյի ուխտաւորները անդամներ են Մարաշի հայրենակցական միութեան, եւ դէպի Հայաստան ու Լիբանան ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած է Լիբանանի եւ Ուրուկուէյի Մարաշի հայրենակցական միութիւններուն համագործակցութեամբ: