ՎԱՏԻԿԱՆ.- Շաբաթ, Օգոստոս 8ին, Ֆրանսիս պապը, ընդունելէ ետք Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Ամաթօն, վաւերացուցած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ընթացքին նահատակուած Ֆլաւիանօ Միքելէ Մելքին եպիսկոպոսը երանելիներու շարքին դասելու որոշումը:
Մելքին ծնած էր Քալեթ Մարա (այժմու Թուրքիա) ու սպաննուած Ճեզիրէի մէջ, Օգոստոս 29, 1915ին:
Մելքին կը հանդիսանայ երկրորդ եպիսկոպոսը, որ խորաններու պատուոյն կ՛արժանանայ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանէն ետք: